Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրօ Մանոյեան. «Ընտրութիւններէն Ետք Ազրպէյճանը Մեզի Համար Կրնայ Վտանգաւոր Վիճակներ Ստեղծել»

November 13, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կը կարծեմ, որ շատ կարեւորութիւն պէտք չէ տալ այդ չակերտաւոր մեքանիզմին, թերեւս Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումները մեղմացած են, բայց չեմ կարծեր, որ ատիկա քաղաքականութեան փոփոխութիւն է»: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը` անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումէն ետք ստեղծուած ուղղակի  կապին: «Տպաւորութիւնս այն է, որ այդ երկխօսութիւնը պարոն Փաշինեանի նախաձեռնութիւնը եղած է, եւ այդ երկխօսութիւնը ինքնին կրնայ դրական ըլլալ», ըսաւ ան եւ իբրեւ զինադադարի դրութիւնը ամրապնդելու երաշխիք կարեւոր նկատեց Ալիեւի համաձայնութիւնը ԵԱՀԿ-ի լիազօրութիւններու ընդլայնման, նկարահանող սարքերու  տեղադրման առումով:

«Ազրպէյճանի նախագահը, Հայաստանի վարչապետին հետ առանձին այս հարցը լուծելու փորձեր ընելով, իրականութեան մէջ կը խուսափի այն պարտաւորութիւններէն, որ ստանձնած է ապրիլ 2016-էն ետք Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումներուն ընթացքին: Ազրպէյճանի հիմնական նպատակը նախ այս պայմանաւորուածութիւններէն խուսափիլն է եւ երկրորդ նպատակը քարոզչական է, որ ցոյց տայ, թէ առանձին ալ կրնան խօսիլ», ըսաւ ան:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի շահին, ապա Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան փորձած է ցոյց տալ, որ ինք կրնայ Ալիեւին հետ խօսիլ, պայմանաւորուած է, եւ այդ պայմանաւորուածութիւնը իրականացուի: Ան նշեց, որ ինչ որ տեղ Հայաստանի համար եւս քարոզչական է այս ամէնը եւ այս պարագային աւելի շատ ներքին լսարանին ուղղուած է, իսկ Ազրպէյճանի համար թիրախը արտաքին լսարանն է:

«Թերեւս նուազած են խախտումները Ազրպէյճանի կողմէ, բայց ատիկա  հարցի լուծում չէ, այսինքն` յուսամ, ճիշդ է պարոն Փաշինեանը, որ կ՛աշխատի այդ մեքանիզմը, քանի որ չաշխատելու փաստը սուղ պիտի ըլլայ, վստահ եմ, երկուքին համար ալ», ըսաւ ան:

Կիրօ Մանոյեան յիշեցուց, որ նման մեքանիզմ ասկէ առաջ եւս եղած է  Արցախի հետ: «Իրենք կը խուսափին ուղղակի Ղարաբաղի հետ որեւէ մեքանիզմ հաստատելէ, եւ կը կարծեմ, որ Հայաստանն ալ պիտի չ՛ուզէր Արցախի շփման գիծի խախտումներու համար իրեն հետ կապուիլ, այլ պէտք է նախընտրէր, որ կապուին Արցախի հետ, հիմա ալ անհրաժեշտ է ատիկա պնդել: Կայ պնդում, որ Արցախը` իբրեւ լիիրաւ  կողմ, պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն, իսկ անոր ամէնէն ուժեղ փաստարկը այն է, որ Արցախը ստորագրած է զինադադարի մասին համաձայնագիրը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ սպասուող զարգացումներուն` Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, թէ վստահ չէ, որ Ազրպէյճանը կ՛ուզէ, որ իրավիճակ փոխուի, քանի որ իր շահը չկայ այդտեղ, բայց ընտրութիւններէն ետք Արցախի հետ շփման գիծին եւ բանակցութիւններուն մէջ լարուածութեան փորձեր պիտի կատարուին:

«Ընտրութիւններէն ետք ազգովին պէտք է լրջանանք, որ մեր խնդիրները լուծենք, քանի որ Ազրպէյճանը կրնայ մեզի համար վտանգաւոր վիճակներ ստեղծել», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Արցախին Աջակցելու Կոչ` Աւստրալիոյ Կառավարութեան

Յաջորդը

Նիկոլ Փաշինեան. «Ինքնորոշման Իրաւունքի Նկատմամբ Մօտեցումը Ընտրովի Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.