Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուրբաթ ուշ գիշերին ընդունեց արտաքին գործոց նախարար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը` ներկայութեամբ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող վերջին հանգոյցը, որ կառավարութեան մէջ անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութիւնն է:
Քննարկուեցան այն ելքերն ու լուծումները, որոնք կրնան երաշխաւորել այդ թնճուկին հանգուցալուծումը եւ երաշխաւորել կառավարութեան կազմութիւնը:
Սէյիտ Նասրալլա եւ Պասիլ անդրադարձան նաեւ լիբանանեան ներքին հարցերուն լուծման, այս շրջագիծին մէջ ալ անոնք որոշեցին ամրապնդել երկրին ազգային միասնականութիւնը` կանխարգիլելու համար երկրին լարուածութիւնն ու համայնքային ու յարանուանական սադրանքները:
Անոնք քննարկեցին նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները` հաստատելով Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:



