Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցելու ՀՅԴ ցուցակը տակաւին որոշուած չէ, որոշուած չէ նաեւ, թէ ով պիտի գլխաւորէ ցուցակը:
Պատասխանելով այն հարցումին թէ հաւանակա՞ն է, որ ցուցակին մէջ ըլլան անակնկալ անուններ, Ռուստամեան ըսաւ, որ անակնկալներով լեցուն է կեանքը, այո՛ կրնան նաեւ այդպիսի անակնկալներ ըլլալ: Դիտարկման` Ազգային ժողովի «Ծառուկեան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեանը ըսած է, թէ ՀՅԴ-ն վարկանշային թեկնածուներ չունի, եւ այդ երկու առ հարիւրնոց սահմանը յաղթահարելու դրութիւնը նուէր էր շարք մը կուսակցութիւններու, այդ կարգին նաեւ Դաշնակցութեան համար, Ռուստամեան արձագանգեց.
«Մեր վարկանշայինները, որ հիմա այստեղ պատգամաւոր են, հապա ովքե՞ր են, անոնք վարկանշային չե՞ն: Ամէն մէկը թող ինքն իր մասին խօսի: Յատկապէս, այս նախընտրական փուլին կոչ կ՛ուղղեմ չհրապուրուելու եւ այնպիսի բաներ չխօսելու, որ յետոյ չկարենան պատասխան տալ, այս փուլը կ՛անցնի, քիչ մը աւելի առարկայական եղէք ձեր գնահատականներուն մէջ եւ ամէն պարագայի ճիշդը խօսեցէ՛ք»:
Ան ըսաւ, որ իրենք Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններուն վրայ շատ լուրջ ջանք թափած են, որ վերացուի այս գործող վարկանշային ընտրակարգը:
Իսկ «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով համաներումին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ համաներումը միշտ ալ դրական երեւոյթ է, որովհետեւ մարդասիրական քայլ է, եւ բնական է, որ իրենք կողմ պիտի քուէարկէին անոր:
Անդրադառնալով ցմահ ազատազրկուածներուն` Ա. Ռուստամեան ըսաւ. «Կը ցաւիմ, որ ցմահ դատապարտուածներուն հետ կապուած համաներման լուծում չկայ, որովհետեւ առաջարկ կար պատգամաւորներուն կողմէ, որ անոնք նոյնպէս ընդգրկուէին ցուցակին մէջ, բայց այս նախագիծի տրամաբանութիւնը դրական կը նկատեմ, որովհետեւ արդէն վաղաժամկէտ ազատման փաստ կայ»:
Ռուստամեանի կարծիքով` համաներումը շարունակական բնոյթ պէտք է ունենայ, որովհետեւ կան մարդիկ, որ իսկապէս հասկնալի չէ, թէ ի՛նչ գործերով եւ ի՛նչ հիմքերով ժամանակին դատապարտուած են ծանր պատիժի:



