Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան Շեշտած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Ուղղութեամբ Տագնապի Բոլոր Կողմերու Յանձնառութեան Անհրաժեշտութիւնը

October 30, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 29 հոկտեմբերին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Էնտրիւ Շոֆըրը (Միացեալ Նահանգներ), Սթեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու այցելութիւնը Հայաստան եւ կարեւոր նկատած է անոնց դերակատարութիւնը` իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային միակ միջազգային լիազօրութիւն ունեցող ձեւաչափ: Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը շեշտած է տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ տագնապի բոլոր կողմերու յանձնառութեան անհրաժեշտութիւնը:

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները անդրադարձած են Հայաստանի մէջ վերջին քաղաքական փոփոխութիւններէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթին:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են այս տարուան սեպտեմբերի վերջին Տուշանպէի մէջ Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն վերաբերեալ: Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատած է պայմանաւորուածութիւններու պահպանումն ու արդիւնաւէտ իրականացումը, որոնք պիտի նպաստեն փոխադարձ վստահութեան եւ խաղաղ հոլովոյթի համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորման: Կողմերը  ուղենշած են հետագայ հաւանական քայլերը:

Հանդիպում` Զոհրապ Մնացականեանի Եւ Դաւիթ Տօնոյեանին Հետ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը  հանդիպում ունեցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանը եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանին հետ:

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին հետ հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են եռանախագահներու  ձեւաչափով իրականացուելիք հետագայ քայլերը: Այս առնչութեամբ Զոհրապ Մնացականեան ընդգծած է, որ հաշուի առնելով, որ Երեւանէն  ետք համանախագահները պիտի այցելեն Ստեփանակերտ, այնուհետեւ` Պաքու, անկէ ետք կարելիութիւն պիտի ըլլայ աւելի համապարփակ ձեւով գնահատելու հետագայ քայլերը:

Իսկ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանին հետ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է  է հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին եւ արցախեան-ազրպէյճանական ուժերու շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակին:

Շեշտելով, որ Հայաստանի զինուած ուժերը աչալրջօրէն կը հետեւին իրավիճակին, Դաւիթ Տօնոյեան նշած է, որ ստեղծուած պայմաններուն մէջ անկիւնաքարային նշանակութիւն ունի կողմերուն միջեւ զինադադարի անվերապահ պահպանումը:

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Հայաստանը Ապագայի Դարպասն Է»

Յաջորդը

Անդրադառնալով Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններու Նախագիծին Չընդունուելուն` «Մարդիկ Պէտք Է Սորվին Նախ Իրենց Սխալները Ուղղել» Շեշտեց Արմէն Ռուստամեան

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.