Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ աշխատանքային նախաճաշ ունեցած է Հայաստանի գիտութեան եւ արհեստագիտութեան հիմնադրամի (ՖԱՍԹ) հոգաբարձուներու եւ խորհրդատուական խորհուրդներու անդամներու հետ, որոնց շարքին են յայտնի գիտնականներ, ճարտարագէտներ, գործարարներ ամբողջ աշխարհէն:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի գիտական-արհեստագիտական հիմնադրամի գործունէութեան արդիւնաւէտ կազմակերպման վերաբերող հարցերու շուրջ, քննարկած նախանշուած նպատակներու իրագործման համար անհրաժեշտ պայմանները, մեքանիզմներն ու կարելիութիւնները:
Այնուհետեւ հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցած է հիմնադրամի կազմակերպած` «Նախագծելով եղափոխութիւնը» խորագիրը կրող Համաշխարհային նորարարութիւններու ժողովի բացումին:
Հանրապետութեան նախագահը, որ նաեւ ՖԱՍԹ հիմնադրամի խորհրդատուական խորհուրդի պատուոյ անդամ է, ողջունելով մասնակիցները 21-րդ դարու երկրին մէջ, կարեւոր նկատեց Հայաստանի մէջ նման ժողովներու իրականացումը:
Ան մասնաւորապէս նշեց, որ Հայաստանը ո՛չ միայն քաղաքակրթութիւններու բնօրրան է, այլեւ ի սկզբանէ եղած է Արեւելքի ու Արեւմուտքի խաչմերուկը:
«Քանի որ սա դարպաս է, խաչմերուկ, կը կարծեմ` ժամանակն է, որ մարդկութիւնը ետ դառնայ դէպի իր ակունքները, դէպի իր ծագումը, դէպի մարդկային ցեղի ծագման վայր` Հայաստան: Օրերս Ժընեւի մէջ կը խօսէի 4-րդ արդիւնաբերական յեղափոխութեան մասին, եւ ըսի, որ չկան յեղափոխութիւններ, կայ զարգացում: Մարդկութիւնը, մենք պէտք է մաս կազմենք բարեշրջումին կամ զարգացման: Սա ո՛չ միայն գիտական ու արհեստագիտական զարգացում է, այլեւ մեր հասարակութիւններու ու աշխարհի մէջ մեր վարքագիծի սրընթաց բարեշրջում», ըսած է նախագահը:
Ան հետեւեալ ուղերձը յղած է. «Հայաստանը ապագայի դարպասն է: Մենք կը խրախուսենք ներդրումներ կատարել մեր երկրին մէջ. երկիր, որ երիտասարդ է, որ յաւակնոտ է, որուն ժողովուրդը տաղանդաւոր է, որ ունի երիտասարդ կառավարութիւն, եւ երկիր, որ ինքզինք կը զգայ 21-րդ դարուն մէջ: Երիտասարդ է եւ հասուն:
«Հաւատացած եմ, որ աշխարհի ապագայ բացայայտումները կրկին պիտի վերադառնան այս դարպասը, որ 21-րդ դարու դարպասն է», ըսած է նախագահ Սարգսեան:



