Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ Աւարտեցան Ֆրանսախօս Երկիրներու 17-րդ Վեհաժողովի Աշխատանքները. Ընդունուած Է Երեւանեան Հռչակագիրը

October 13, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի մէջ երէկ աւարտած են Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի աշխատանքները: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ  վեհաժողովի փակման նիստին ընդունուած է Երեւանեան հռչակագիրը:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան արդիւնքները, որոնց համաձայն, այդ պաշտօնին ընտրուած է Ռուանտայի արտաքին գործոց նախարար Լուիզ Միւշիքիուապոն:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատած է ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին Միքայէլ Ժանի կատարած գործունէութիւնը եւ շնորհաւորած Լուիզ Միւշիքիուապոն նոր պաշտօնին ընտրուելու առիթով: Հայաստանի վարչապետը անոր մաղթած է յաջողութիւն ստանձնած առաքելութեան մէջ եւ վստահութիւն յայտնած, որ ան իր գործունէութեամբ պիտի նպաստէ կազմակերպութեան հետագայ  զարգացման:

Նոր Ընդհանուր Քարտուղարը Կարեւորութիւն Պիտի Տայ Յատկապէս Ֆրանսերէնի Տարածման

Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան նորընտիր ընդհանուր քարտուղար Լուիզ Միւշիքիուապոն մեծ պատիւ նկատած է նոր պաշտօնի ստանձնումը: 12 հոկտեմբերին կազմակերպութեան  վեհաժողովի փակման ժամանակ իր ելոյթին ընթացքին ան նշած է, որ հաճոյքով կը ստանձնէ նոր պարտաւորութիւնները:

«Ինծի համար մեծ պատիւ է այս պաշտօնին ընտրուիլը: Երեւան եկած էի ընդհանուր քարտուղարի թեկնածուի կարգավիճակով, Երեւանէն կը մեկնիմ արդէն քարտուղարի պաշտօնով: Համոզուած եմ, որ այս ընտանիքը մեծ ներուժ ունի: Իբրեւ ընդհանուր քարտուղար, կարեւորութիւն պիտի տամ ֆրանսերէնի տարածման», ըսաւ Լուիզ Միւշիքիուապոն:

Նախորդը

Իոաննիսեան. «Ընտրական Օրէնսգիրքի Բարեփոխումներու Նախագիծը Ուղարկուած Է Վենետիկի Յանձնաժողով»

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.