Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսախօս Երկիրներու Մշտական Խորհուրդի 105-րդ Նիստին Քննարկուած Են Երեւանի Հռչակագիրի Եւ Վեհաժողովի Այլ Փաստաթուղթերու Նախագիծեր

October 8, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի մէջ 7 հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Ֆրանսախօս երկիրներու  Մշտական խորհուրդի 105-րդ նիստը, որուն կը մասնակցէին կազմակերպութեան լիիրաւ, ընկերակից եւ դիտորդի կարգավիճակ ունեցող պետութիւններու եւ կառավարութիւններու, Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գործընկեր կառոյցներու  շուրջ հարիւր բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Մշտական խորհուրդի նիստին բացումը կատարած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանը, որ ներկայացուցած է վեհաժողովին ընդառաջ քարտուղարութեան կողմէ կատարուող աշխատանքները, կազմակերպութեան առաջնահերթութիւններու, Ֆրանսախօս երկիրներու տնտեսական, դիւանագիտական եւ քաղաքական հարթակներուն վրայ  գործունէութիւնը: Ելոյթ ունեցած է նաեւ կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Ժաք Քրապալը:

Ողջունելով Մշտական խորհուրդի նիստի մասնակիցները` կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիստիան Տէր Ստեփանեան իր ելոյթին մէջ կարեւոր նկատեց կազմակերպութեան գործունէութիւնը` ուղղուած ճգնաժամային իրադրութիւններու մէջ յայտնուած երկիրներուն աջակցելուն եւ ժողովրդավարական հոլովոյթներու խրախուսման:

«Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ երիտասարդներու ներգրաւուածութիւնն ու մասնակցութիւնը Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ վեհաժողովի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկները` այդ առնչութեամբ ընդգծելով Ֆրանսախօս երկիրներու երիտասարդներու ցանցին մէջ իրականացուած խորհրդատուութիւնը «Միասին ապրելու ֆրանքոֆոն կոչի» մշակման գործին մէջ», նշած է ան:

Անդամ երկիրներու ներկայացուցիչները անդրադարձած են նաեւ կազմակերպութեան նախարարական 35-րդ համաժողովի եւ 17-րդ վեհաժողովի աշխատանքներուն եւ օրակարգին առնչուող տարբեր հարցերուն: Քննարկուած են Երեւանի հռչակագիրի, որոշումներու եւ վեհաժողովի այլ փաստաթուղթերու նախագիծերը:

Կազմակերպութեան լիիրաւ անդամներու նիստին հաստատուած է 17-րդ վեհաժողովին ուղղուած` կարգավիճակի փոփոխութեան կամ անդամակցութեան դիմումներու վերաբերեալ յատուկ աշխատանքային խումբի զեկուցումը:

Նախորդը

Արսէն Համբարձումեան. «Շատ Մեծ Է Վտանգը, Որ Մենք Ունենանք Քաղաքական Մենիշխանութիւն»

Յաջորդը

«Պունտըսլիկա». Ախոյեան Պայէրն Միւնիխի Երկրորդ Պարտութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.