Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 7-րդ հանգրուանին, ախոյեան Պայէրն Միւնիխ կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը իր հիւրէն` Պորուսիա Մէօնշընկլատպախէն, 3-0 արդիւնքով:
Նիքօ Քովաչի գլխաւորած կազմը արդէն իսկ Ա. կիսախաղին իր բերդին մէջ ստացած էր երկու կոլ (10-րդ եւ 16-րդ), մինչ վերջինը ստացաւ 88-րդ վայրկեանին:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Պայէրն նահանջեց հինգերորդ դիրք` չորս կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքը գրաւող Պորուսիա Տորթմունտէն (17 կէտ), որ շարունակեց մնալ անպարտելի միակ խումբը` 4-3 արդիւնքով, քիչ մը դժուարութեամբ յաղթելէ ետք Օկզպուրկին, իր յաղթանակի կոլը նշանակելով… 96-րդ վայրկեանին:
Սպանացի Փաքօ Ալքասեր հեթրիք մը իրագործեց (62-րդ, 80-րդ եւ 96-րդ):



