Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (8 Հոկտեմբեր 1968)

October 8, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

Զրոյց` Սովետասէրի Մը Հետ

Հայ համայնավար մը ու հայ հակահամայնավար մը ունեցան հետեւեալ վիճազրոյցը.

– Վերջապէս, քու սիրելի Սովետական Միութիւնդ իր ստրկացուցած արբանեակներով, բռնի ուժով գրաւեց Չեխոսլովաքիան:

– Սխալ բառեր շատ կը գործածես: Գոնէ մի՛ գործածեր «գրաւել» գռեհիկ բառը: Սովետական Միութիւնը սկզբունքով, բանիւ եւ գործով դէմ է գրաւումներու, որոնք աշխարհակալներու գործեր են: Ինք միայն կ՛ազատագրէ  զանազան կերպերով.

– Մանաւանդ` հրասայլերով, թնդանօթներով, արագահարուածներով եւ օդանաւերով: Թող թշուառական Թուրքիան ալ ազատագրէ:

– Թուրքիան պէտք է ներսէն ազատագրուի: Կան երկիրներ, որոնք կ՛ազատագրուին դուրսէն: Կան ալ, որոնք կ՛ազատագրուին` ներսէն աւելի ներս մտնելով: Կան տակաւին երկիրներ, որոնք կ՛ազատագրուին` անոնց սահմանները գրկելով:

– Պաշարելուն «գրկե՞լ» կ՛ըսէք…

– Գրկելը սիրալիր ողջագուրումն է` յանուն ընկերվարութեան:

– Ամէն բան կ՛ընէք ընկերվարութեան անունով: Այդ սիրելի բառը պղծեցիք ու մաշեցիք ծակելով:

– Մեր ընկերվարութիւնը մնացած է անպղծելի:

– Ձեր ընկերվարութիւնը, ատոր վստահ եմ, քանի որ գոյութիւն չունի: Բայց բառը բարոյապէս պղծեցիք, ու ընկերվարութիւնը հոմանիշ եղաւ շահագործումի, անխղճութեան եւ աննախընթաց բռնակալութեան:

– Մենք բառերով չենք խաղար: Կը գործենք:

– Եւ ձեր գործերը  մէջտեղն են. խայտառակութիւններ: Ձեր վերջին խայտառակութիւնը ունեցաւ ակամայ մեծ օգուտ մը, բացաւ կիսաբաց կամ կոյր աչքերը: Կան անշուշտ տակաւին քեզիպէսներ ալ, որոնց աչքերը չբացուեցան երկու պատճառով. կա՛մ աչք չունէին, որ բացուէր, եւ կա՛մ իրենց շահը կը պահանջէր գոց պահել աչքերը: Յամենայն դէպս Սովետական Միութիւնը իր բարբարոսօրէն բիրտ ուժի քաղաքականութեամբ շատ տուժեց ու դեռ պիտի տուժէ: Չեխոսլովաքիան պիտի ըլլայ իր բարոյական գերեզմանատունը, եւ գէշ գերեզմանատուն մը չէ:

– Փա՜ռք Մարքսին, Էնկելսին, Լիպնեխտին ու Լենինին, կոմունիզմը անմահ է: Ինք է, որ կը գերեզմանէ ուրիշները:

– Ուրեմն անմահ գերեզմանափոր մըն է: Բայց այս աշխարհիս մէջ որքա՜ն անմահներ մահացած են ու մտած են մոռացութեան մութին մէջ: Նոյնիսկ  Ֆրանսական ակադեմիային միշտ քառասուն անմահներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մահկանացու եղած է:

– Համայնավարութիւնը կը շարժի, կը յառաջդիմէ, որով կ՛ապրի ու կ՛ապրեցնէ:

– Համայնավարութիւնը յետադիմական տեղքայլի մէջ է: Իբր թէ քայլ մը կ՛առնէ ու «յառաջդիմութի՜ւն» կ՛աղաղակէ, մինչդեռ երկու-երեք քայլ ետ կ՛երթայ ու կը լռէ: Կը նմանի այն խաղամոլին, որ երբ փոքր գումար մը կը շահի, բարձրաղաղակ կը յայտարարէ իր շահած ըլլալը, իսկ երբ իրերայաջորդ կերպով կորսնցնէ, բացարձակապէս բերանը կը փակէ: Եւ սակայն շատեր կը հասկնան, որ տանուլ տուած է: Վերջին անգամ Չեխոսլովաքիոյ մէջ գէշ կերպով կորսնցուց եւ ստացաւ ձեւեր շահողի:

– Բայց ի՞նչ կորսնցուց, ի՞նչ, եղի՛ր փաստացի…

– Կորսնցուց` մնացորդը իր յարկին,  վերջին փշրանքները իր պատիւին, փոշիները իրեն հանդէպ եղած համակրանքին: Ատկէ զատ, մոլի խաղամոլի մը նման, կորսնցուց` կինը, կնոջը սիրահարները, սիրահարներուն կիները, այդ կիներուն սիրահարները եւ այլն, եւ այլն:

– Ատ ի՜նչ անբարոյական ընտանիք մը կը վերագրես համայնավարութեան պատկանողներուն: Ատ ինչ խառնակենցաղ գերդաստան կազմած են համայնավարները` ըստ քեզի:

– Աւելի ճիշդը կայ. համայնավարներ չկան: Կան համայնավարի դերակատարներ, կան համայնավարութիւնը գաղտնօրէն ատող համայնավարներ, կան ոխերու, հաշիւներու համար համայնավարացածներ, կան համայնավարութենէ տառապող համայնավարներ, կան համայնավարութենէ տաղտկացած համայնավարներ, կան կեղծ համայնավարներ, մանաւանդ` կեղծերը կեղծող կապիկ համայնավարներ, կան յանուն յամառութեան համայնավարներ, կան շահու համար համայնավարներ, որոնք համայնավարութիւնը վերածած են մասնագիտութեան, պաշտօնի, խանութպանութեան կամ առնուազն` արհեստի: Կան տակաւին անգլուխ, անվիզ, անուս, անիրան համայնավարներ, որոնք մի միայն անդամ են, ու դատապարտուած են անդամալուծման:

– Ես ատոնցմէ ո՞ր մէկն եմ:

– Կը հարցնես, որովհետեւ դուն ինքդ ալ չես գիտեր, թէ ինչո՛ւ համայնավար ես: Դուն համայնավար կը ձեւանաս` ի հեճուկս հայ հակահամայնավարներու: Քու համայնավարութեանդ պարունակութիւնը հակահով է կամ հակափուք:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանը Կը Դիմաւորէ Իր Անդրանիկ Վերամուտը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.