Անկախ նասըրականներու (Մուրապիթուն) շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Համտան ընդգծեց Սուրիոյ տագնապի լուծման մէջ Ռուսիոյ դերակատարութեան կարեւորութիւնը` ընդգծելով Սուրիոյ ապահովական կայունութեան ամրապնդումն ու սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի անհրաժեշտութիւնը:
Համտան ողջունեց Լիբանանի գերիշխանութեան զօրակցող, լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնը քաջալերող, լիբանանեան բազմազանութեան պահպանումը յորդորող, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը կարեւոր նկատող Զասիփքինի կեցուածքները:



