Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (2 Հոկտեմբեր 1968)

October 2, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական Մամուլ

Մոսկուայի Նախկին Դեսպան
Ե. Քեմալ Թենկիրշենքի Յուշերը

Լենինի Հետ Գլուխ-Գլխի – Չիչերին Վանէն
Եւ Պիթլիսէն Հող Ուզած Է Հայերու Համար

Մոսկուայի նախկին դեսպան Եուսուֆ Քեմալ Թենկիրշենք «Ճումհուրիէթ»-ի մէջ կը նկարագրէ քաղաքական կեանքի իր յուշերը: Ի միջի այլոց կ՛անդրադառնայ թուրքեւխորհրդային տեսակցութիւններուն: Կը խօսի նաեւ հայեւռուս փոխյարաբերութիւններուն մասին եւ թուրք պատուիրակութեան կատարած ձեռնարկներուն շուրջ: Ստորեւ` հատուածներ այդ յուշերէն:

Մեր դէմ գտնուող մարդը Վլատիմիր Իլիչ Ուլիանով Լենինն էր: Զիս, Պեքիր Սամի պէյը եւ մեր միւս ընկերները դէմը առաւ: Այն ատեն ուշադրութիւն ըրի դէմքին եւ աչքերուն: Ակնարկէն եւ աչքերէն յայտնի էր, որ հին թաթար ընտանիքի մը զաւակն է: Լենինի տաբատը արդուկուած չէր, տաբատին ծայրէն եւ գուլպաներուն մէջէն ճերմակեղէնները կ՛երեւէին: Լենին ազնիւ վերաբերում ցոյց տուաւ մեզի: Աշխարհի ամէնէն անուշ եւ համակրելի մարդոցմէն մէկն էր:

Երբ իրեն պարզեցինք մեր հոգերը, դաշնակցային կառավարութեան այն ատենուան վիճակին ակնարկելով` հասկցուց, որ անհրաժեշտութեան մը բերումով կրնայ կնքուած ըլլալ հայերուն հետ դաշնագիրը: Յետոյ ինծի դառնալով, շատ մեղմ ձայնով, կարծես թէ ականջիս փսփսաց.

– Հասկցանք, որ սխալ ըրինք այդ դաշնագիրը կնքելով. պիտի ջանանք սրբագրել: Եթէ մենք չկարենանք սրբագրել, դուք կը սրբագրէք:

Յետոյ ուրիշ հարցերու մասին սկսաւ անուշ խօսքեր ըսել: Մեր առնելիքը առած էինք: Արտօնութիւն ուզեցինք: Անուշ խօսքերով մեզ մինչեւ սրահին դուռը տարաւ:

Երբ լայն սանդուխներէն կ՛իջնէինք, ընկերներուս հարցուցի.

– Ձեզի ոեւէ մէկը յիշեցո՞ւց Լենինի վերաբերումը:

Միաբերան պատասխանեցին.

– Թալէաթ փաշան…

Իրօք ալ, մեծ Թալէաթին քովը կռուելու համար գացողները անոր դէմքը կամ ձեռքը համբուրելով կը բաժնուէին անկէ:

***

Միջոց մը Չիչերին մեզ հրաւիրեց արտաքին գործավարութեան պաշտօնատունը: Մեզի թարգմանեց համաձայնագիր մը, որ հրատարակուած էր այդ օրուան թերթերուն մէջ: Համաձայնութիւնը կնքուած էր խորհրդային հանրապետութիւններու եւ հայ դաշնակ կառավարութեան միջեւ: Համաձայնագիրը կ՛ըսէր, որ ամբողջովին փակուած է Թիֆլիսի ճամբան, որուն բացուիլը կը պահանջէինք: Կը պահանջէինք նաեւ Շանսաթթըի ճամբան, որ մինչեւ այդ էր քիչ թէ շատ բաց էր մեր առաջ, ամբողջովին հայերուն ձեռքը կ՛անցնէր: Այն ատեն ըսինք Չիչերինին.

– Ի՞նչպէս կ՛ըլլայ, որ մեր հոս գալէն ի վեր միշտ կը պահանջենք, որ այդ ճամբան բացուի, իսկ դուք մեզի դէմ կը համաձայնիք:

– Կովկասի մեր ներկայացուցիչները այդպէս ըսեր են,- պատասխանեց Չիչերին:

– Բացէ՛ք ճամբան,- պնդեցինք:

– Չենք կրնար,- պատասխանեց:

– Այն ատեն թողէք, որ մենք բանանք…

***

Երբ առաւօտ մը արթնցանք, ընկերներէս մէկը ըսաւ. «Պեքիր Սամի պէյ այս գիշեր տեսակցեր է Չիչերինի հետ, երբ վերադարձաւ, չքնացաւ»:

Իսկոյն Պեքիր Սամի պէյին սենեակը գացի: Արդարեւ, վերջին ծայր ազդուած տեսայ:

– Ի՞նչ կայ,- հարցուցի:

– Եղբա՛յր, Չիչերինի հետ տեսակցեցայ: Վանէն, Պիթլիսէն հող կ՛ուզէ հայերու համար:

– Այս մասին բանակցեցա՞ք:

– Ո՛չ:

– Անշո՛ւշտ չենք կրնար բանակցիլ: Հակառակ պարագային, Ազգ. մեծ ժողովը կը կախէ մեզ:

– Ի՞նչ պիտի ընենք ուրեմն:

– Արտաքին կոմիսար Չիչերինի այս առաջարկին վրայ բոլորս միատեղ մեր երկիրը կը վերադառնանք: Իսկ եթէ ասիկա յարմար չէք նկատեր, կա՛մ զիս հոս ձգելով կ՛երթաք, կա՛մ ինծի պաշտօն յանձնելով` տեղեկագիր մը կու տաք ձեռքս: Ես ալ երկիր երթալով` ժողովին կը մատուցեմ: Անհնար է այլ կերպ շարժիլ:

Նախագահ Պեքիր Սամի պէյ ըսաւ.

– Պատուիրակութեամբ երթալ չ՛ըլլար: Ես ալ չեմ կրնար երթալ: Դո՛ւն կ՛երթաս:

– Գլխուս վրայ,- պատասխանեցի:

Դեսպան Եուսուֆ Քեմալ 11 հոկտեմբեր 1920-ին Անգարա կը վերադառնայ եւ Գործավարներու խորհուրդին բացատրութիւն կու տայ: Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը, 17 հոկտեմբեր 1920-ին գումարուելով, կը մերժէ Չիչերինին առաջարկը:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Յեղափոխութիւնն Արդիւնաւորենք Արժէքների Յեղափոխութեամբ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.