Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախագահ Միխայէլ Պոկտանով Մոսկուայի մէջ ընդունեց Անկախ նասըրականներու (Մուրապիթուն) շարժումի քարտուղար Մուսթաֆա Համտանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Պոկտանով հաստատեց Ռուսիոյ մնայուն զօրակցութիւնը Լիբանանի անկախութեան եւ անոր հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական կայունութեան եւ ընկերային բազմազանութեան պահպանումին:
Պոկտանով շեշտեց, թէ Ռուսիա կարեւոր կը նկատէ, որ լիբանանեան ներքին քաղաքական հարցերուն մէջ արձանագրուող իւրաքանչիւր միջամտութեան փորձ արգիլուի:
Պոկտանով եւ Համտան քննարկեցին նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները` ընդգծելով Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման յանգելու անհրաժեշտութիւնը: Անոնք հաստատեցին նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին կարեւորութիւնը, յատկապէս Լիբանան հասած տեղահանուածներուն պարագային:



