28 սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած է ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոն: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին հետ հանդիպումի ընթացքին միտքերու փոխանակում տեղի ունեցաւ Արցախի ներքաղաքական իրավիճակին շուրջ:
Հանդիպումը անցաւ փոխըմբռնումի մթնոլորտի մէջ, ճշդուեցան շարք մը սկզբունքներ` հետագայ համագործակցութեան համար:



