Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը շատ կարեւոր է ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ֆրանսայի համար: Այդ մասին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ` Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցող «Ֆրանսախօս երկիրներու աւան» տաղաւարի ներկայացման նուիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Ան աւելցուցած է, որ 11-12 հոկտեմբեր 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը, երբ Հայաստան պիտի հիւրընկալէ 84 երկրի պատուիրակութիւն, որոնց մեծ մասը Հայաստանի մէջ դեսպանութիւն չունի եւ Հայաստանը պիտի բացայայտէ առաջին անգամ, կը յայտնէ «Փանորամա»-ն:
7 հոկտեմբերէն սկսեալ մէկ շաբաթ շարունակ Երեւանը պիտի ըլլայ ֆրանսախօսութեան կեդրոն: Դեսպան Լաքոթ նշած է, որ ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը շատ կարեւոր է ո՛չ միայն այն պատճառով, որ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի համար անիկա առաջնային է, այլ նաեւ, որ Մաքրոն Հայաստան պիտի ըլլայ նաեւ պետական այցելութեամբ: Դեսպանը նշած է, որ 11-12 հոկտեմբերին Մաքրոն պիտի մասնակցի Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին, որմէ առաջ Հայաստանի մէջ պիտի ըլլայ երկկողմանի այցելութիւն, սակայն Մաքրոնի` Հայաստան հասնելու օրը տակաւին յստակ չէ:
«Վեհաժողովը մէկ կողմէ, բայց Մաքրոնի այցելութիւնը շատ խիտ օրակարգ կը բերէ Հայաստանի ու Ֆրանսայի համար: Սակայն Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը ո՛չ միայն երկիրներու ղեկավարներու միջեւ հանդիպում է, այլ նաեւ տօն է: Ֆրանսան կը ցանկայ ներկայացնել ֆրանսերէնը` իր բոլոր տարրերով», ըսած է դեսպանը:
Քաղաքական օրակարգէն բացի 7-էն 12 հոկտեմբերին մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ պիտի գործէ «Ֆրանսախօս երկիրներու աւանը», ուր 20 երկիրներու տաղաւարներու շարքին իր տեղը պիտի ունենայ Ֆրանսայի տաղաւարը: Տաղաւարներ պիտի ունենան նաեւ Պելճիքան, Զուիցերիան, ափրիկեան երկիրները, որոնք բաց են ինչպէս հայաստանցիներու, այնպէս ալ այդ ժամանակաշրջանին Հայաստան գտնուող հազարաւոր հիւրերու համար:
«Տաղաւարին միջոցով ուղարկուող պատգամը այն է, որ ֆրանսերէնը հնարաւորութիւններու լեզու է: Ֆրանսերէնը ո՛չ միայն Ֆրանսայի, այլեւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան բոլոր 84 երկիրներու լեզուն է, որով կը խօսին մօտ 280 միլիոն մարդիկ` 5 ցամաքամասերուն մէջ: Ֆրանսերէնը մէկն է այն 2 լեզուներէն, որով կը խօսին բոլոր ցամաքամասերուն մէջ», ըսած է դեսպան Լաքոթ:
Ֆրանսախօս երկիրներու աւանին մէջ Ֆրանսայի տաղաւարը ուղղուած պիտի ըլլայ հանրութեան տարբեր հատուածներուն. տեղի պիտի ունենան տնտեսական, մշակութային, մետիա, արհեստագիտական եւ կրթական բազմաթիւ ձեռնարկներ:



