Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ վերադարձաւ Լիբանան` աւարտելէ ետք Միացեալ Նահանգներ կատարած իր շրջապտոյտը, որուն ընթացքին այցելեց Պոսթըն, Ֆիլատելֆիա, Նիւ Ճըրզի եւ Փրինսթըն համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը տուաւ սուրիացի տեղահանուածներու եւ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձին մասին` նկատի ունենալով այս հարցին մարդկային, ապահովական եւ տնտեսական երեսները:
Պասիլ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցութեան զուգահեռ հանդիպումներ ունեցաւ այլ երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ` քննարկելու համար լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու փոխադարձ յարաբերութիւնները:
Պասիլ հանդիպումներ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան սուրիական տագնապի թղթածրարի պատասխանատու Ճէյմս Ճեֆրիի, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի, Վրաստանի, Սերպիոյ, Իրլանտայի, Կիպրոսի, Ազրպէյճանի, Ուրուկուէյի եւ Օմանի արտաքին գործոց նախարարներուն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերով օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի հետ:
Սաթըրֆիլտ Պասիլին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն ըմբռնում կը ցուցաբերէ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած կեցուածքին գծով, յատկապէս այն իմաստով, որ Լիբանան կը մերժէ տեղահանուածներու տունդարձը ուղղակիօրէն կապել Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման:
Պասիլ մասնակցեցաւ նաեւ Յորդանանի հրաւիրած նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու թղթածրարը:
Այս շրջագիծին մէջ Պասիլ ընդգծեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը` հաստատելով, որ Լիբանան կը մերժէ ամէն տեսակի բնակեցում:
Պասիլ զգուշացուց յաւելեալ բռնարարքներէ եւ ծայրայեղութիւններէ` պաղեստինցիներուն իրաւունքներուն դէմ Իսրայէլի գործած ոտնձգութիւններուն պատճառով:



