Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Ֆիլատելֆիոյ Մար Մարուն եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ տեղւոյն լիբանանեան համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ` ներկայութեամբ Նիւ Եորքի մէջ Լիբանանի հիւպատոս Մաժտի Ռամատանի:
Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին Նիւ Եորք ճամբորդութեան վերաբերող «Միտլ Իսթ»-ի պատմութիւնը շինծու է եւ կ՛արժէ, որ այդ մասին հետաքննութիւն բացուի ու հաշուետուութիւն կատարուի:
Պասիլ նշեց, որ երբ իշխանութեան Ա. պետին դէմ այս աստիճանի ցեխարձակում կը կատարուի, անիկա համազօր է բոլոր լիբանանցիներուն վարկաբեկումին: «Հետեւաբար այդ արշաւին ձեռնարկող եւ զայն գործադրող պատասխանատուները պէտք է հաշուետուութեան կանչել ու զանոնք պատժական տնօրինումներու ենթարկել, որովհետեւ այլեւս ատիկա խօսքի ազատութեան սահմանները շրջանցած է», ըսաւ Պասիլ:
Պասիլ անդրադարձաւ նաեւ «Սիմընզ»-ի հարցին` շեշտելով, որ սուտով կարելի է խաբել միայն անտեղեակները: «Դժբախտաբար օրին պատերազմով Լիբանանը քանդողները, այսօր իրենց խաբեբայութեամբ եւ սուտերով կը քանդեն զայն, իսկ մեր մղած պայքարը ճշմարտութեան պայքար է, որուն մասին կը խօսինք ամէնուր», շեշտեց ան:
Իր խօսքին մէջ Պասիլ անդրադարձաւ նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստանալու կարեւորութեան:



