Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիւ Եորքի Մէջ. Սիսի Լիբանանի Նկատմամբ Եգիպտոսի Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Նախագահ Աունին

September 25, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, որ ընկերակցութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Աունի, կը գտնուի Նիւ Եորք` նախագահելու համար ՄԱԿ-ի 73-րդ Ընդհանուր ժողովին մասնակցող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան, մաղթեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին իր մասնակցութիւնը ըլլայ առիթ մը` լիբանանեան կեցուածքները ներկայացնելու աշխարհի ղեկավարներուն: Ան նշեց, որ Լիբանանի եւ անոր շրջակայքին մէջ տիրող ներկայ պայմանները ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին Լիբանանի մասնակցութիւնը աւելի անհրաժեշտ կը դարձնեն:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք Նիւ Եորք հասած է աշխարհի բոլոր երկիրներուն ներկայացնելու Լիբանանի կեցուածքը այն հարցերէն, որոնք իրեն համար առաջնահերթութիւն կը նկատուին:

Նախագահ Աուն երէկ Նիւ Եորքի մէջ ընդունեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ու շրջանային իրադարձութիւնները եւ անոնց վերաբերող լիբանանեան ու եգիպտական դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումին ընթացքին Սիսի վերահաստատեց Եգիպտոսի զօրակցութիւնը Լիբանանին, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու` դէպի ապահով վայրեր տունդարձին գծով:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ ահաբեկչութեան դէմ մղուելիք միացեալ պայքարին անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ իրեն համար առաջնահերթութեան առաջնահերթութիւնը լիբանանցի քաղաքացիներուն ապահովութիւնն է, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան հեղինակութեան վերականգնումը:

Ան նշեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ դրած է լիբանանեան բանակը վերակազմակերպելու եւ անոր նոր հրամանատարութիւն նշանակելու:

Նախագահ Աուն աւելցուց նաեւ, որ լիբանանեան բանակը երկրին արեւելեան լեռնաշղթային վրայ զինուորական գործողութիւններու ձեռնարկեց եւ երկրին սահմաններէն մաքրեց ահաբեկչութիւնը` Սուրիայէն Լիբանան ներթափանցած ՏԱՀԵՇ-ն ու Ժապհաթ Նուսրան, եւ Լիբանանին ու լիբանանցիին սպառնացող ահաբեկչութեան վտանգներուն վերջ դրաւ:

Ան անդրադարձաւ նաեւ երկրին մէջ գտնուող ահաբեկչական քնացած բջիջներուն եւ անոնց դէմ սանձազերծուած հետապնդումին ու պայքարին, որուն շնորհիւ կարելի եղած է մեծ թիւով ձերբակալութիւններ կատարել` ջլատելով ահաբեկչական այդ բջիջներուն գործունէութիւնը: «Այսպիսով, Լիբանան վերականգնած է իր ապահովական կայունութիւնը, որուն շնորհիւ հանգիստ կ՛ընթանայ զբօսաշրջութիւնը», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն ակնարկելով երկրին տնտեսական կացութեան յայտնեց, որ պետութիւնը ստորագրած է բնական կազի ու նաւթի արտահանման աշխատանքի սկսելու համաձայնագիրը եւ յայտարարած է անոր վերաբերող նուազուրդները: Ան նշեց նաեւ, որ լիբանանեան պետութիւնը կը գործադրէ նաեւ փտածութեան դէմ պայքարը` ընդգծելով, որ այս իմաստով ինք անձամբ պիտի արգիլէ այդ արշաւը խախտող որեւէ քայլ:

Ան ըսաւ, թէ փտածութեան դէմ պայքարի իմաստով վերջին խօսքը պիտի տրուի դատական իշխանութիւններուն:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ ընտրական նոր օրէնքին` հաստատելով, որ անիկա հանրապետութեան մէջ իսկական փոփոխութիւն յառաջացուցած է: «Մենք որդեգրեցինք համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը, որ խորհրդարանին մէջ լիբանանցիներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը կ՛ապահովէ», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ երկրին ռազմավարական բոլոր հարցերուն վերաբերեալ Հըզպալլա վեթոյի իրաւո՞ւնք ունի, նախագահ Աուն ըսաւ. «Ասիկա անճիշդ է, որովհետեւ Լիբանանի մէջ համախոհական ժողովրդավարութիւն գոյութիւն ունի, եւ կարծիք յայտնել չի նշանակեր վեթոյի իրաւունք օգտագործել»:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանը Հըզպալլայի պատանդը չէ` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի դէմ բանեցուող միջազգային ճնշումները նորութիւն չեն:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Հըզպալլա 1993-ին, 1996-ին եւ յատկապէս 2006-ին տապալած է Իսրայէլը` յայտնելով, որ Հըզպալլա լիբանանցիներուն աւելի քան մէկ երրորդին ժողովրդականութիւնը կը վայելէ, «սակայն անհասկնալի է, որ արեւմտեան հանրային կարծիքը կառչած կը մնայ Հըզպալլան ներկայացնելու իբրեւ թշնամի», հաստատեց ան:

Նախագահ Աուն ըսաւ, թէ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ ճակատումի իբրեւ դաշտ կարելի չէ հարաւային Լիբանանը օգտագործել:

«Հըզպալլա կը բաժնէ այն կարծիքը, որ եթէ Լիբանան իսրայէլեան որեւէ յարձակումի կամ ներխուժումի չենթարկուի, ապա Լիբանանէն Իսրայէլ ոչ մէկ փամփուշտ պիտի արձակուի, սակայն եթէ Լիբանանի դէմ որեւէ յարձակում շղթայազերծուի, ապա ան ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունի», ըսաւ նախագահ Աուն:

Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին` նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանան ոչ մէկ երկրի ներքին հարցերուն միջամուխ կ՛ըլլայ` աւելցնելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութեան:

Ֆրանսայէն եւ Եւրոպայէն Լիբանանի ակնկալութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն ընդգծեց, թէ Պէյրութի ակնկալութիւնն է, որ Ֆրանսա եւ Եւրոպա զօրակցին Լիբանանին` սուրիացի տեղահանուածներու աստիճանական եւ ապահով տունդարձը իրականացնելու:

Պէտք է աւելցնել, որ նախագահ Աունի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ աւելի ուշ պիտի միանայ պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Ամալ Մտալլալի եւ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Կապի Իսա, նախագահի խորհրդական Միրէյ Աուն – Հաշեմ եւ նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակի տնօրէն Ռաֆիք Շլալա:

ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ նախագահ Աուն Լիբանանի պաշտօնական խօսքը պիտի արտասանէ վաղը` չորեքշաբթի, 26 սեպտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):

 

 

Նախորդը

Պոսթընի Մէջ. Պասիլ. «Նախորդ Երկու Տարիներուն Իրականացած Նուաճումները Բաւարար Են Ներկայ Իշխանութիւնը Յաջող Նկատելու»

Յաջորդը

Խորհրդարանը Վաւերացուց Շարք Մը Օրինագիծեր, Որոնցմէ Կարեւորագոյնը Եղաւ Աղբերու Հարցի Համապարփակ Տնօրինումի Օրինագիծը

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.