Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Զասիփքինի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Հարցեր

September 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ  ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը` ներկայութեամբ ռուսական հարցերու իր խորհրդականին` Ժորժ Շաապանի:

Հանդիպումէն ետք Զասիփքին յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են համաշխարհային ու շրջանային իրադարձութիւնները եւ լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Ռուս դեսպանը ընդգծեց Մոսկուայի զօրակցութիւնը ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմելու նպատակով վարչապետ Հարիրիի, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ի գործ դրած ճիգերուն:

Զասիփքին հաստատեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ քննարկած է սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող հարցեր, եւ այս շրջագիծին մէջ Հարիրի իրեն ներկայացուցած է լիբանանեան-ռուսական միացեալ յանձնախումբին մաս կազմող լիբանանցիներուն անունները:

Ըստ «Մարքազիա» լրատու գործակալութեան, այդ յանձնախումբին մաս պիտի կազմեն վարչապետ Հարիրիի ներկայացուցիչ Ժորժ Շաապան, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:

Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի Զասիփքինի հետ հանդիպումէն ետք, լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած է կառավարութեան կազմ մը, որուն մէջ նախագահ Աուն բարեփոխում պահանջած է: «Ես գիտեմ, թէ ի՛նչն է, որ պէտք է վերատեսութեան ենթարկել, եւ անիկա կատարելու համար բոլորին հետ պէտք է խորհրդակցիմ», ըսաւ Հարիրի:

Ան հաստատեց, որ իր հայրը սպաննողը սուղ պիտի վճարէ իր գործած յանցանքին գինը` աւելցնելով, որ իրեն համար կարեւորը երկրին կայունութիւնն է: «Կը կարծեմ, որ Միջազգային դատական ատեանը իր աշխատանքին մէջ բաւական արհեստավարժ էր», նշեց ան:

 

 

Նախորդը

«Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Համար Մեր Գծած Ռազմավարութիւնը Կ՛անդրադառնայ Զբօսաշրջական Բազմազանութեան» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յաջորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.