Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Կասկածը Լաւ Վահան Է, Բայց Վատ Սուր, Անով Կարելի Է Պաշտպանուիլ, Բայց Կարելի Չէ Յարձակիլ»

September 13, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12 սեպտեմբերին «Առաւօտ»-ի լրագրողը ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանին հարցուցած է, թէ վարչապետ Փաշինեան զո՞վ նկատի ունէր, երբ ըսաւ, թէ իրենք զիրենք յեղափոխական ներկայացնող ուժերը գաղտնօրէն կը բանակցին ՀՀԿ-ին հետ, եւ թէ ՀՅԴ-ն նման բանակցութիւններու մէ՞ջ է հանրապետականներուն հետ:

Ռուստամեան պատասխանած է. «Նախ պէտք է դուրս ելլենք այս խորհրդաւորութեան դաշտէն, կասկածի մթնոլորտէն: Եթէ ըսելիք կայ, ըսէք յստակ անուններով, ես պիտի չմեկնաբանեմ պարոն Փաշինեանի ըսածը կամ իր միտքերը»:

Ըստ Ռուստամեանի տպաւորութեան, ասիկա քարոզչական հնարք էր, որ հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղի քաղաքապետական թեկնածուին անյաջող մեկնարկէն, որովհետեւ այն յայտարարութիւնները, զորս կատարեց Հայկ Մարութեանը` «սեւ ու սպիտակի բաժանումը», «մեզի դէմ խաղ չկայ» եւ այլն, քննադատուեցան, ու Փաշինեան կ՛ուզէ ձեւով մը բեկում մտցնել այդ անյաջող մեկնարկին մէջ. «Ի վերջոյ խնդիրը այն է, որ մենք ոչ թէ քաղաքապետ կ՛ընտրենք, աւագանի կ՛ընտրենք, այլ այս քուէարկութիւնը աւելի շատ խորհրդարանի լուծարման քուէարկութիւն է: Մենք հարցը այդ դաշտը չէինք տեղափոխեր»:

Ռուստամեան հաստատած է, որ վաղուց Դաշնակցութիւնը արտայայտած է իր տեսակէտը` թէ պատրաստ է Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններուն ու որեւէ խոչընդոտ չի տեսներ. «Ատիկա պատրաստ ենք ընել յստակ ճամբու քարտէսով, որ նորէն կիրքեր չբորբոքին: Կատարուի իսկապէս համախոհութեամբ», աւելցուցած է ան:

Լրագրողը կրկին հարցուցած է, որ ՀՅԴ-ն ճաշարաններուն մէջ ՀՀԿ-ին հետ հանդիպումներ կ՛ունենա՞յ. «Նախ պէտք է հասկնալ, թէ վարչապետին այդ տեղեկատուութիւնը ուրկէ՞ է, տեսա՞ծ են, խօսակցութիւն արձանագրա՞ծ են, թող հրապարակեն, մենք ալ գիտնանք: Եթէ տեսաձայնագրուած է խօսակցութիւնը, այդ ալ հարց է® ատիկա պատճառ կը դառնայ այլ հարցի:  Թող հրապարակեն ու ըսեն, մենք որեւէ ձեւով ատոր հետ կապուած չենք: Կասկածը լաւ վահան է, բայց վատ սուր է, կասկածով կարելի է պաշտպանուիլ, բայց կարելի չէ յարձակիլ», հաստատած է Ռուստամեան:

Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, որ ընտրակեղծիքներուն մասին Փաշինեանի ակնարկութիւնը ուղղակի յանցագործութեան մասին կը խօսի` աւելցնելով, որ  լաւ պիտի ըլլայ ըսել որո՛նք են այդ անձերը, որոնք կ՛ուզեն սահմանադրական կարգը տապալել` ընտրութիւնները կեղծելով: «Կարելի չէ յայտարարութիւն կատարել ու այդպէս մնալ: Այդ յայտարարութեան պէտք է յաջորդեն քայլեր, պէտք է շատ յստակ ըսէ` որո՞նք են այդ դաւադիրները, ապացուցէ, ու վերջացնե՛նք հարցը, այլապէս մենք դէպի ո՞ւր կ՛երթանք», հարց տուած է ան:

Արմէն Ռուստամեան հաստատած է. «Մենք` իբրեւ քաղաքական ուժ,  ոչ ոքի աջակցութեան կարիք ունինք այսօր, մենք մեր ընտրազանգուածը ունինք, մեզի պէտք է երեւանցիներուն աջակցութիւնը: Իսկ մենք բացարձակապէս կարիք չունինք այն աջակցութեան, որուն մասին կը խօսուի»:

 

Նախորդը

«Հայաստանի Մէջ Սպիտակները Յաղթած Են, Իսկ Սեւերուն Պարտութիւնը Անշրջելի Է» Կ՛ըսէ Նիկոլ Փաշինեան

Յաջորդը

Ակնարկ. Կեդրոնանալ Երկու Փուլերու Վրայ

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.