Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրապարակուած Է ԱԱԾ Տնօրէնի Ու ՅՔԾ Պետի Հեռաձայնային Զրոյցին Գաղտնալսուած Ձայնագրութիւնը

September 13, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 11 սեպտեմբերին Հայաստանի հասարակութեան հրամցուեցաւ անօրինական, գայթակղալի հրապարակում մը, որ մեծ աղմուկ ստեղծեց հանրապետութեան մէջ:

Արդարեւ, «Եութիուպ»-ի վրայ հրապարակուած է ձայնագրութիւնը Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արթուր Վանեցեանի եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) պետ Սասուն Խաչատրեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային քանի մը զրոյցներու:

Ըստ ձայնագրութեան, խօսակցութիւնը Հայաստանի նախկին պաշտօնեաներու, «Մարտ 1»-ի գործին, Ռոպերթ Քոչարեանը կալանաւորելու, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) քարտուղար Եուրի Խաչատուրովը կալանաւորելու վտանգին, փաստաբան Վահէ Գրիգորեանի կողմէ սպասուող գրառման, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ այլոց մասին է:

Ձայնագրութեան մէջ Սասուն Խաչատրեան Վանեցեանին կը պատմէ, թէ ինչպէս արձագանգած է Քոչարեան, երբ տեսած է Միքայէլ Յարութիւնեանի հրամանը:

«Ինձ դատաւորը զանգեց, ով որ պիտի կալանքը տայ, մի քիչ վախեցած է, ասացի` նայի ողջ գործը, նայի, դուխով: Ասաց` պարոն Վանեցեան, մի հատ հիմքերը նայեմ, ասի` նայի հիմքերը, կը զանգես, կալանքը ուզես-չուզես պիտի տաս: Վոբշեմ էդ կը փակի», կ՛ըսէ Վանեցեան:

Ըստ ձայնագրութեան, Սասուն Խաչատրեան նաեւ կը յայտնէ, որ Եուրի Խաչատուրովն ալ կանչած են, «որպէսզի փակեն»:

«Խաչատուրովի հետ գործ չունենք, խայտառակ կը լինենք, չփակէք, սպասէք, պրծնի», կ՛ըսէ Վանեցեան:

Հրապարակուած ձայնագրութեան համաձայն, Սասուն Խաչատրեան նաեւ կը յայտնէ, որ փաստաբան Վահէ Գրիգորեան գրառում կը կատարէ` բոլոր հարցերուն պատասխանելով. «Վահէն կը խօսայ որպէս փորձագէտ»:

Արթուր Վանեցեան, ըստ այս հրապարակուած ձայնագրութեան, անգամ մը եւս կը յորդորէ Եուրի Խաչատուրովի հարցով ուշադիր ըլլալ. «Ախպեր, խնդրում եմ, Խաչատուրովինը ուշադիր նայէք, չնայած վարչապետն ասում է` փակէք, բայց ռուսները®»:

«Ինքը իրաւունք չունէր պաշտպանութեան նախարարի հրամանի հիման վրայ զօրքն օգտագործել: Այդ ժամանակ մենակ նախագահն ունէր նման հրաման ստորագրել», կ՛ըսէ Սասուն Խաչատրեան:

Ուժային կառոյցներու երկու պաշտօնատարները հաստատած են, որ հեռաձայնային զրոյցը տեղի ունեցած է: Վանեցեան այս խօսակցութիւնը ունեցած է Ժընեւ եղած ժամանակ:

«Ուզում եմ հաստատել, որ այդ խօսակցութիւնը մեր մասնակցութեամբ է, եւ շատ տարօրինակ է, որ գաղտնալսուել է ԱԱԾ տնօրէնի եւ ՅՔԾ պետի խօսակցութիւնը: Դա մտահոգիչ փաստ է, որի հետ կապուած կը լինի մանրակրկիտ քննութիւն, եւ կը պարզուի ձայնագրութեան աղբիւրը: Գլխաւոր դատախազութիւնում էլ արդէն յարուցուել է քրէական գործ եւ առաջիկայում կ՛իմանանք մանրամասներ», նշեց Վանեցեան, երեքշաբթի օր Խաչատրեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Խօսակցութիւնը եղած է Քոչարեանի վերաբերեալ դատարանի յայտնի որոշումը կայացնելու օրը:

«Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ դատարանին առջեւ կանգնած էին հանրապետութեան երկրորդ նախագահը եւ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը, պէտք է 100 տոկոս համոզուած լինենք, որ այդ գործունէութեան մէջ թերութիւն չկայ: Նման քննարկում մեր միջեւ կայացել է եւ եղել է զուտ իրաւաբանական քննարկում», ըսաւ Վանեցեան:

Վանեցեանը յայտնեց խօսակցութեան նախապատմութիւնը. ինք ստացած է հաղորդագրութիւն` փորձագիտական կարծիք ձերբակալութեան հիմքերուն հետ կապուած, եւ այդ հաղորդագրութիւնը ուղարկած է ՅՔԾ պետին` պարզաբանում ստանալու համար:

«Ուզում եմ եւս մէկ անգամ շեշտել` մեր պայքարը շարունակելու ենք, եւ մեզ չի խանգարելու ոչ մի բան, որեւէ խոչընդոտ չի կարող լինել մեր գործում: Հայաստանից թալանուած գումարները վերադարձուելու են, մարդասպանները ձերբակալուելու են», ըսաւ ան:

«Ռուսների հետ հազիւ ենք բարիշել, Խաչատուրովի խափանման միջոց ընտրէք ստորագրութեամբ չհեռանալը» խօսքը պարզաբանելով` Վանեցեան յայտնած է, որ «այո՛, գաղտնիք չէ, որ թաւշեայ յեղափոխութիւնից յետոյ որոշ շրջանակներ սկսել էին տարածել, որ Հայաստանում իրավիճակ է փոխուել, նոր իշխանութիւնները փոխում են արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը: Այդ մտավախութիւնը կար մեր ռուս գործընկերների մօտ, որը հերքուել է»:

 

Նախորդը

«Փաշինեան Կը Ձգտի Իր Յայտարարութիւններով Տապալել Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Բանակցութիւնները» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Յաջորդը

«Հայաստանի Մէջ Սպիտակները Յաղթած Են, Իսկ Սեւերուն Պարտութիւնը Անշրջելի Է» Կ՛ըսէ Նիկոլ Փաշինեան

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.