Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միջին Արեւելքի Մէջ Գործադրուած Միջազգային Քաղաքականութիւնը Կը Բարձրացնէ Ծայրայեղութեան Համեմատութիւնը` Իր Անարդարութեան Պատճառով» Շեշտեց Նախագահ Աուն

September 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախանցեալ օր Եւրոպական խորհրդարանի կեդրոնին մէջ, խորհրդարանի 2018-2019 աշխատանքային տարեշրջանի բացման առիթով արտասանեց Լիբանանի խօսքը:

Սթրազպուրկի մէջ նախագահ Աուն հաստատեց, որ Եւրոպական Միութեան ուժը կը կայանայ Եւրոպայի մէջ իսկական խաղաղութեան կերտման մէջ:

Ան հաստատեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ գործադրուած միջազգային քաղաքականութիւնը կը բարձրացնէ ծայրայեղութեան համեմատութիւնը` իր անարդարութեան պատճառով:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ ներկայ փուլին Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն` շեշտելով, որ երկրին համար առաջնահերթութիւն է պայքարիլ փտածութեան դէմ եւ ամրապնդել թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութիւնը:

«Հիմնական աշխատանքը պիտի սկսի նոր կազմուելիք կառավարութեամբ, որ պիտի ստանձնէ տնտեսական զարթօնքի ծրագիրը գործադրելու պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներուն գործադրութիւնը` երաշխաւորելու համար Լիբանանի կայունութիւնն ու բարգաւաճումը:

Նախագահ Աուն հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, Լիբանան – Եւրոպական Միութիւն երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի կարեւորութիւնը:

Մոկերինի գնահատեց Լիբանան-Եւրոպական Միութիւն գործակցութիւնը` շեշտելով, որ Եւրոպական Միութիւնը միշտ պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին` բոլոր մարզերուն մէջ:

Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սթրազպուրկի լիբանանեան գաղութին հետ:

Լիբանանեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն կոչ ուղղեց անոնց մերժելու բոլոր այն յայտարարութիւնները, թէ Լիբանանի ներկայ իշխանութիւնը ձախողած է` ընդգծելով, որ այդ յայտարարութիւնը կը կատարէ այն անհատը, որ միայն իր անձին մէջ բարիք կը տեսնէ:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կատարուած մեծագոյն իրագործումը եղաւ երկրին ապահովական կայունութեան հաստատումը, յատկապէս Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթային վրայ ահաբեկիչներու մաքրագործումը:

Նախագահ Աուն երէկ ուշ գիշերին վերադարձաւ Լիբանան` աւարտելէ ետք Սթրազպուրկ կատարած իր եռօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը:

Նախորդը

Լա Հէյի Մէջ. Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Դատական Ատեանը Սկսաւ Գումարել Իր Վերջին Նիստերը

Յաջորդը

Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Մատուցուած Պատարագին Հայաստանի Դրօշ Բռնած Զբօսաշրջիկներու Մուտքը Արգիլուած Է

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.