Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռոպերթ Քոչարեան. «Մենք Պարզապէս Ջախջախած Ենք Մեղադրանքը, Քար Քարի Վրայ Չենք Ձգած»

August 17, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ  Քոչարեանը «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին տուած բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ շարք մը հարցերու: Նախ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կը կարծէ՞, որ իր անձին դէմ արտայայտուողներու մթնոլորտ ձեւաւորուած է, Քոչարեան նշեց, որ չի կարծեր, թէ իր դէմ շատ մարդիկ տրամադրուած են: Ըստ Քոչարեանին, անոնք կը ներկայացնեն յարձակողապաշտ փոքրամասնութիւն մը, անոնց մէջ յեղափոխական գործիչներ կան ու այն մարդիկ, որոնք  տարիներ շարունակ իր դէմ եղած են: Ի վերջոյ, ըստ երկրորդ նախագահին, ընտրութիւններուն իր դէմ արտայայտուած են  ընտրողներուն 36 առ հարիւրը, եւ անոնց մէջ են իր դէմ տրամադրուածները:

Սակայն, ըստ Քոչարեանին, շատ շատեր գոհունակութեամբ կը յիշեն այն տարիները, երբ ինք նախագահ եղած է:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ բան  պատճառ դարձաւ դատարանէն ազատ արձակման համար, Քոչարեան ըսաւ. «Մենք պարզապէս ջախջախած ենք մեղադրանքը, քար քարի վրայ չենք ձգած: Ասիկա այն դէպքն է, երբ ամբողջ մեղադրանքը կառուցուած եղած է կեղծ եզրակացութիւններու վրայ: Դատարկ ցուցմունքներ, որեւէ բան չկայ: Դատական գործին մէջ որեւէ գաղտնիք չկայ, սակայն ըստ օրէնքի, կան նախաքննական գաղտնիքներ եւ չեմ  կրնար շատ բաներու մասին բարձրաձայնել»:

Քոչարեան յորդորեց լրագրողներուն պնդել եւ պահանջել իրաւապահ մարմիններէն, որ ամբողջ գործընթացը թափանցիկ ըլլայ, նախաքննական գաղտնիքը հանեն, որպէսզի պաշտպանուող կողմը բարձրաձայն խօսի ամէն ինչի մասին:

«Եւ դուք այդ ժամանակ ատիկա պիտի տեսնէք, որ շինծու գործ է` քաղաքական հետապնդումով պայմանաւորուած», ըսաւ Քոչարեան:

Պատասխանելով «Երկիր Մետիա»-ի այն հարցումին, թէ Ռոպերթ Քոչարեանը կը վերադառնա՞յ քաղաքականութեան, թէ՞ ոչ, երկրորդ նախագահը յայտարարեց. «Սեպեցէք, որ վերադարձած եմ»:

Նախորդը

Վահան Յովհաննիսեանի Ծննդեան Տարեդարձի Նշում «Այսօր Վահան Յովհաննիսեանի Կարիքը Կայ, Եւ Ատիկա Զգալի Է Նաեւ Բարոյական Առումով» Ըսաւ Արտաշէս Շահբազեան

Յաջորդը

Հրանդ Մարգարեան. «Պէտք Չէ Վտանգուի Ժողովրդավարութիւնը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.