Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Մշակուած Է Փտածութեան Դէմ Պայքարի Եւ Բարգաւաճման Գործնական Եւ Ամբողջական Ծրագիր Մը, Որ Իր Նպատակները Պիտի Իրագործէ Օրինական Եւ Խաղաղ Միջոցներով»

August 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ մշակուած է փտածութեան դէմ պայքարի եւ բարգաւաճման գործնական ու ամբողջական ծրագիր մը, որուն գործադրութիւնը կը սպասէ կառավարութեան կազմութեան:

Ան ընդգծեց, որ այդ ծրագիրը կ՛ընդգրկէ վարչական եւ կազմակերպական հիմնական ու արմատական բարեկարգումներ:

«Այդ ծրագիրին գործադրութիւնը պիտի ըլլայ յաջորդ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը: Այդ ծրագիրին հիման վրայ, ո՛վ որ յայտարարած է, թէ պիտի զօրակցի փտածութեան դէմ պայքարին` պատասխանատուութեան պիտի կանչուի, որպէսզի իր գործը խօսքին համապատասխան դարձնէ: Իրականութեան մէջ փտածութեան դէմ պայքարի մասին եղան շարք մը յայտարարութիւններ եւ կոչեր, որոնք գործին չեն համապատասխաներ, ընդհակառակն` փտածութիւնը շարունակելով եւ բարեկարգումը խոչընդոտելով կը դրսեւորուին», շեշտեց ան:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան` ուղղակի ներդրում ունենալու բարեկարգումի ջանքերուն` հաստատելով, որ դէպի բարեկարգում առաջնորդող ուղին ետդարձ պիտի չարձանագրէ, այլ պիտի իրականացնէ իր նպատակները` օրինական եւ խաղաղ միջոցներով:

Ան շեշտեց, որ համադաշնակցութեան կամ այլ մարզերու սենտիքաներու պահանջները պետութեան ուշադրութեան առարկան դարձած են` աւելցնելով, որ կարգ մը օրէնքներ վաւերացուած են այդ պահանջները կատարելու, սակայն դժբախտաբար այդ օրէնքները տակաւին չեն գործադրուած:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ մշակուած տնտեսական ծրագիրը պիտի ներկայացուի կառավարութեան, որպէսզի ստանայ դահլիճին վաւերացումը եւ երկրին տնտեսութիւնը վերածէ արդիւնաբերական տնտեսութեան:

Ասմար շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունի` պետական պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու առիթով եւ նշեց, որ պետութեան կողմէ այդ քայլը խաղաղեցուցած է պետական պաշտօնեաներուն հոգիները: Ան դրուատեց նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու նախագահ Աունի ճիգերը:

Ասմար կոչ ուղղեց` անյապաղ կազմելու նոր կառավարութիւնը, որ շարք մը մարտահրաւէրներ պիտի դիմագրաւէ, յատկապէս` տնտեսական ճնշող տագնապը:

Ասմար նախագահ Աունի ներկայացուց համադաշնակցութեան պահանջները, որոնցմէ` սեփական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումներու շնորհումը, ընկերային ապահովագրութեան նոր օրէնքներու մշակումը, վարձքերու օրէնքին բարեփոխումը, կենսոլորտային շարք մը ծրագիրներու վաւերացումը, փտածութեան դէմ պայքարի իրականացումը, ինչպէս նաեւ ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան մարզերուն նեցուկ կանգնելու յաւելեալ ջանքերու ներգրաւումը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի մէջ ապրող արտերկրի լիբանանցիները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան ան շեշտեց, որ իրենք յանձնառու են Լիբանանը տնտեսական ներկայ տագնապէն դուրս բերել եւ ստեղծել աշխատանքի նոր առիթներ` արտերկրի լիբանանցի երիտասարդները հայրենադարձութեան մղող:

«Լիբանան ձեզի կը սպասէ: Ձեր եւ Լիբանանի ապագան պիտի բարգաւաճի», ըսաւ նախագահ Աուն:

Հանրապետութեան նախագահին այցելեց նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Լիբանանի ներկայացուցիչ, դեսպան Սահար Պաասիրին, որուն հետ քննարկեց յառաջիկայ հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովին լիբանանեան պատուիրակութեան մասնակցութեան նախապատրաստական աշխատանքները:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթն Ու Տնտեսական Կացութիւնը

Յաջորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Դարձեալ Դրական Հունի Վրայ Դրուած Է

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.