Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Էլիզապեթա Թրենթան` ընկերակցութեամբ զինուորական պատուիրակութեան մը:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի ողջունեց լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւնները, որոնք պատմական են եւ հետզհետէ կ՛ամրապնդուին, ինչպէս նաեւ դրուատեց բոլոր մարզերուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան զարգացումը:
Պըրրի մեծապէս գնահատեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղադրուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պարագային Իտալիոյ ստանձնած կարեւոր եւ աշխուժ դերակատարութիւնը` ողջունելով ՖԻՆԻՒԼ-ի նոր ընդհանուր հրամանատարին նշանակումը:
Իր կարգին` Թրենթա շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիին` ընդգծելով երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամրապնդումը եւ Լիբանանին զօրակցելու ու նեցուկ կանգնելու առումով Իտալիոյ պատրաստակամութիւնը:
Նշենք, որ Թրենթա այսօր պիտի ընդունուի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ եւ ներկայ պիտի գտնուի Նաքուրայի մէջ տեղի ունենալիք ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան յանձնումի եւ ստանձնումի հանդիսութեան` զօրավարներ Մայքըլ Պերիի եւ Սթեֆանօ Տելի միջեւ:
Միւս կողմէ, Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 9 օգոստոս 2018-ին` քննարկելու համար շարք մը օրինագիծեր:
Նշենք, թէ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ ինք այլեւս տեղեակ չէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքներուն մասին` աւելցնելով, որ կան որոշ բարդութիւններ, որոնց տարողութեան ծանօթ չէ:
Պըրրի վերահաստատեց, որ լիբանանեան ներքին տնտեսական իրավիճակը սկսած է ինքզինք պարտադրել, հետեւաբար պէտք է այլեւս փշրել կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող օղակը եւ յայտարարել նոր նախարարաց խորհուրդի նոր կազմը:
Պըրրի նշեց, որ իրենք միայն կը լսեն դրական մթնոլորտի մասին, առանց գետնի վրայ նշմարելու այդ մթնոլորտին գործնականացումը, որուն պատճառը չեն գիտեր:



