Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

July 27, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի 2017-2018 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 29 յունիս  2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6:30-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ:

Հանդէսը ընթացք առաւ 2017-2018 տարեշրջանի 6-րդ եւ 12-րդ դասարաններու շրջանաւարտներու մուտքով, որոնք բեմ բարձրացան իրենց դաստիարակներուն եւ վարժարանի տնօրէն պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի առաջնորդութեամբ: Շրջանաւարտները բեմին վրայ զետեղեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշակները` ներկայացնելով հանդէսի թեման` անկախութիւն Լիբանանի (75-ամեակ) եւ Հայաստանի (100-ամեակ):

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Աստուածաշունչի ընթերցումը կատարեց վերապատուելի Հրայր Չոլաքեանը, որմէ ետք վերապատուելի Յովհաննէս Յովսէփեանը  շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան աղօթք արտասանեց:

Այնուհետեւ 3 երգերով ելոյթ ունեցաւ վարժարանին «Նայիրի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի: Երգերն էին` «Աղօթք», «Լիբանան», «Հայոց աշխարհ»:

Պատուոյ ցանկի մրցանակաբաշխումէն ետք պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանը ներկաներուն զեկուցեց վարժարանին ձեռք բերած իրագործումներուն, մրցանակներուն եւ յաջողութիւններուն մասին:

Ապա 6-րդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին Ռոպերթ Առաքելեանի «Գովք Լիբանանի» ասմունքը, որմէ ետք վարժարանին «Հեքիաթ» պարախումբը ներկայացուց լիբանանեան տապքէ պարը:

6-րդ դասարանի աշակերտներէն Սելին Շաննաքեանը, Սերժիօ Հապէշեանը եւ Կալի Գալուստեանը իրենց ուղերձներուն ընդմէջէն իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Աստուծոյ, ծնողաց եւ վարժարանին իրենց ընծայուած առիթներուն եւ օրհնութիւններուն համար:

Ապա հայկական նազպարով հանդէս եկաւ վարժարանին պարախումբը, որմէ ետք 12-րդ դասարանի աշակերտներէն Լորա Հերկելեանը, Մելիսա Մարտիկեանը եւ Թալին Քենտիրճեանը հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով ուղերձներուն միջոցով յաջորդաբար արտայայտեցին իրենց անցեալի, ներկայի եւ ապագայի մարտահրաւէրները, քաղուած դասերը եւ  անմոռանալի յիշատակները` յուզմունքով եւ երախտագիտութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանի տարբեր մասնիկներու խորհրդանիշներն ու մեկնաբանութիւնները արտասանեցին 12-րդ դասարանի աշակերտները,  որուն ընթացքին անոնք կազմեցին նաեւ հանրապետութեան զինանշանը:

Այնուհետեւ վարժարանի աշակերտներէն Նարէ Փիլաւճեանը, Սեւատա Անտոնեանը եւ Նազանի Ադամեանը ներկայացուցին Վարանդի «Արծուակռինչ» ասմունքը, մինչ աշակերտներ կազմեցին Սարդարապատի զանգակատան կենդանի պատկերը, որմէ ետք վարժարանին պարախումբը ներկայացուց «Հայաստան ջան» պարը:

Օրուան բանախօս, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի  դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` նշեց ուսման կարեւորութիւնը.  ան ըսաւ, որ ա՛լ աւելի կարեւոր է զարգացումը, որովհետեւ զարգացում` կը նշանակէ լուսաւորութիւն եւ լուսաւորութեան պահանջ: Ան շարունակեց` ըսելով. «Վստահ եմ, որ այս սիրելի երկրորդական վարժարանը արդէն ձեզի սորվեցուցած է, որ զարգացում պէտք է մտքի, հոգիի, ճաշակի, մարմինի, կարողութիւններու, զգացումներու եւ փոխյարաբերութիւններու: Այսինքն բոլորս պէտք ունինք լոյսի, որպէսզի տեսնենք եւ ուրիշներ ալ տեսնեն»:

Հայտոսթեան շրջանաւարտներուն ըսաւ. «Հիմա դուք, շրջանաւարտնե՛ր, նաեւ լոյսի նման պիտի փայլիք:  Ձեր ճամբան պիտի տեսնէք եւ օգնէք, որ ուրիշներ ալ ճամբան տեսնեն:  Պայմանը այն է, որ ճիշդ տեղը գտնուիք ճիշդ բարեկամութիւններով, ճամբաներով, սովորութիւններով, որոշումներով: Այլապէս այն լոյսը, որ ձեր մէջ դրուեցաւ, պահուած պիտի մնայ եւ պահուած լոյսը օգուտ պիտի չունենայ: Պահուած լոյսը հաւասար է մթութեան: Ճրագը չեն վառեր ու դներ տուփի մը տակ, որ լոյսին տարածումին արգելք ըլլայ, այլ կը դնեն զայն մոմակալի, կամ բարձր ու յայտնի դիրքի վրայ, որպէսզի առանց դժուարութեան` իր շրջապատին առաւելագոյն չափով լոյս տայ»:

Ան իր խօսքի աւարտին շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ իրենց ծնողները եւ մաղթեց, որ անոնք Աստուծոյ լոյսով լեցուին եւ իրենց կարգին լուսաւորեն իրենց շրջապատը:

Բանախօսութեան յաջորդեց վկայականաց բաշխումը, որուն ընթացքին 18 աշակերտներ 6-րդ դասարանէն եւ 11 աշակերտներ 12-րդ դասարանէն  ստացան իրենց վկայականները, որմէ ետք 12-րդ դասարանի աշակերտները իրենց երախտագիտութիւնը արտայայտեցին իրենց ծնողներուն` փոքր յուշանուէրներով:

Այնուհետեւ վեր. Րաֆֆի Մըսըրլեանը լոյսի ջահը փոխանցեց 6-րդ եւ 12-րդ դասարանի շրջանաւարտներէն ներկայացուցիչներու, որուն ընթացքին Կասիա Պոյաճեանը ներկաներուն բացատրեց արարքին մեկնաբանութիւնը:

Հանդէսը աւարտեցաւ վարժարանի տնօրէն պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանին հուսկ բանքով եւ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի օրհնութեան աղօթքով:

 

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան. Երկրորդական Բաժինի Եւ Նախակրթարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Յաջորդը

ՀՅԴ Պատանեկան Ճամբարներ Ստեփանակերտի Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.