Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համմուտիէի Գործողութիւնը Լիբանանեան Բանակին Համար Նուաճում Է

July 25, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրիթելի Համմուտիէի գիւղաքաղաքին մէջ Ալի Զէյտ Իսմայէլի ու անոր նախագահած զինեալ խմբաւորումին դէմ լիբանանեան բանակին կատարած գործողութիւնը դատապարտող  կողմեր, երէկ առաւօտեան փակեցին Պրիթելի ճամբան եւ գիւղաքաղաքին մուտքին անիւներ հրկիզեցին, հակառակ անոր որ Ալի Իսմայէլի դէմ Լիբանանի դատական իշխանութիւնները 2941 բերման գիր արձակած են:

Այդ բերման գիրերը կը վերաբերին Իսմայէլի տարբեր յանցանքներուն, ինչպէս` զէնքի, զինամթերքի եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգում, ինքնաշարժի գողութիւն, պետական փաստաթուղթերու կեղծում, քաղաքացիներուն վրայ կրակել, բանակայիններ մահափորձի ենթարկել, բանակի ու ապահովութեան շրջուն ջոկատներու վրայ կրակել եւ կարգ մը զինուորներ ու ոստիկաններ վիրաւորել եւ այլն:

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ դրուատեց Համմուտիէի մէջ լիբանանեան բանակին կատարուած զինուորական գործողութիւնը: Ան հաստատեց, որ իրենք բանակին կատարած բոլոր նուաճումներով կը հպարտանան եւ կը գնահատեն Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով բանակին կողմէ իրագործուած ամէն ճիգ:

Սարրաֆ հաստատեց, որ մօտիկ անցեալի «Բարձունքներու արշալոյս»-ը գործողութիւնը, իսկ այսօր` բանակին հիմնադրութեան տօնէն քանի մը օր առաջ Համմուտիէի գործողութիւնը կը փաստեն, որ բանակը երկաթեայ բազուկով կը հարուածէ բոլոր օրինազանցները, ոճրագործներն ու խուլիկանները` պաշտպանելու համար լիբանանցիին անվտանգութիւնը:

Սարրաֆ նշեց, որ բանակին տարազը սուրբ է` աւելցնելով, որ իրենք այդ տարազը պիտի պաշտպանեն եւ անոր նեցուկ պիտի կանգնին ամենայն զօրութեամբ, որովհետեւ անիկա լիբանանեան միասնականութեան եւ երկրին պաշտպանութեան խորհրդանիշն է:

Միւս կողմէ, զինուորական աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Համմուտիէի մէջ բանակին կատարած գործողութիւնը տեսակարար էր, որովհետեւ կարելի եղած էր Ալի Զէյտ Իսմայէլի «էմիրութիւն»-ը քանդել: Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ այդ գործողութիւնը բանակին համար նուաճում մըն է` նկատի ունենալով, որ Ալի Իսմայէլ պատասխանատուն էր լիբանանեան տարբեր շրջաններու, յատկապէս Պէյրութի մէջ բաժնուող թմրեցուցիչին:

 

Նախորդը

Մաշնուք Սարրաֆի Հետ Քննարկեց Ռուսական Միջնորդութեան Մանրամասնութիւնները

Յաջորդը

Հանրութեան Ցամաքային Փոխադրութեան Միջոցներու Համադաշնակցութիւնը Այսօր Պիտի Գործադրէ Բողոքի Ցոյց Մը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.