Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տեղեկատուական Մարզէն Կը Պահանջենք Լուսարձակի Տակ Առնել Լիբանանի Դրական Կողմերը» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

July 16, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան անցեալ շաբաթավերջին տուաւ մամլոյ միացեալ ասուլիս մը` ընկերակցութեամբ Զբօսաշրջական սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքարի, Ճաշարաններու, սրճարաններու, զբօսավայրերու եւ անուշեղէնի վաճառատուներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Թոնի Ռամիի եւ Ծովեզերեայ զբօսաշրջային համալիրներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ժան Պէյրութիի:

Նախարար Կիտանեան ողջունեց բոլոր լրատուամիջոցները, որոնք ներկայ կը գտնուին զբօսաշրջութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ` անդրադառնալու համար նախարարութեան եւ սենտիքաներուն արձակելիք բողոքի ձայնին, որ կը վերաբերի իւրաքանչիւր ամրան սկիզբը կատարուող այն զրպարտութիւններուն, որոնք իրենց վատ ազդեցութիւնը կ՛ունենան երկրին զբօսաշրջութեան բնագաւառին վրայ:

Ա. Կիտանեան նշեց, որ ընկերային ցանցերը իրենց կարգին ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենան այս բնագաւառին վրայ, որովհետեւ այս դարուս կարեւոր նկատուող այդ միջոցները կը հասնին գրեթէ բոլորին եւ կը հասցնեն այն զրպարտութիւնները, որոնք կ՛օգտագործուին վնաս հասցնելու Լիբանանի զբօսաշրջութեան բնագաւառին:

«Իբրեւ զբօսաշրջութեան նախարար կը պահանջեմ, որ արդիւնաբեր ամառ մը ունենանք: Ես վստահ եմ, որ այս երկիրը կարողութիւն ունի տնտեսապէս բարգաւաճելու կամ տնտեսական զարթօնք մը ապրելու իր զբօսաշրջական արժանիքներով: Ամրան սկիզբը արդէն իսկ սկսանք լսել ծովու ապականումին վերաբերող արտայայտութիւններ, ինչպէս նաեւ մեկնաբանութիւններ, թէ երկու կամ երեք օրուան համար պանդոկի մը կամ ծովեզերեայ զբօսաշրջային համալիրի մը մէջ արձակուրդը աւելի սուղ է, քան այլ երկիր մը ճամբորդելը, ինչ որ սխալ է: Այս մասին մենք շատ խօսեցանք եւ առ ի յիշեցում կը հաստատենք, որ համաշխարհային «Ֆորպզ» թերթը Լիբանանը նկատած է աշխարհի վրայ զբօսաշրջային ամէնէն աժան երկիրներէն մէկը», ըսաւ ան:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ ոմանք շահեր ունին նման զրպարտութիւններ տարածելու առումով: «Թէեւ կան հաստատութիւններ եւ համալիրներ, որոնք սուղ սակեր ունին, սակայն Լիբանանի մէջ ընդհանուր առմամբ կան զբօսաշրջային հաստատութիւններ, որոնք համեստ են եւ անոնց ճշդած սակերը` մատչելի», աւելցուց ան:

Նախարար Կիտանեան իր խօսքը փակեց կոչ ուղղելով տեղեկատուութեան ոլորտին ո՛չ միայն անդրադառնալու երկրին ժխտական կողմերուն, այլեւ` դրական կողմերուն: Ան շեշտեց, որ կարելի չէ Լիբանանը բարգաւաճեցնել, եթէ շարունակենք իբրեւ լիբանանցիներ մենք զմեզ մտրակել:

Մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին Թոնի Ռամի յայտնեց, որ իրենք` իբրեւ զբօսաշրջութեան բնագաւառի պատասխանատուներ, կ՛աշխատին այդ բնագաւառին ժխտական կէտերը դրականի վերածել: Ան հաստատեց, որ 2016-էն ի վեր ճաշարանային ոլորտը բարգաւաճած է` աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքի բոլոր մայրաքաղաքներուն մէջ Պէյրութը ընտրուած է առաջինը` ճաշարանային ոլորտի իմաստով:

Իր կարգին, Աշքար հաստատեց, որ 2017 եւ 2018 տարիներուն ընթացքին Լիբանան այցելեցին աւելի քան 150 զբօսաշրջական ընկերութեան ներկայացուցիչներ եւ չնշմարեցին այն ժխտական կէտերը, որոնք լիբանանեան լրատուամիջոցները իրենց լուրերուն ընդմէջէն կը հաղորդեն ու կը սփռեն: «Կարծէք երկրին զբօսաշրջութեան բնագաւառի բարգաւաճման քայլերուն դէմ դաւադրութիւն մը կայ», ըսաւ Աշքար` բոլորէն պահանջելով անդրադառնալ Լիբանանի զբօսաշրջութեան դրական կողմերուն:

Աշքար ընդգծեց նաեւ Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւին աճը:

Ժան Պէյրութի մեծապէս գնահատեց զբօսաշրջութեան նախարարին ջանքերը` շեշտելով, որ ընկերային ցանցերուն վրայ կան արշաւներ, որոնք անճիշդ տեղեկագիրներով կը փորձեն քանդել ամէն ինչ: «Մեղք է Լիբանանին եւ անոր զբօսաշրջութեան մասին նման արշաւներ կատարել: Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը հրապարակեց տեղեկագիր մը, թէ լիբանանեան ջուրերուն մէջ կարելի է լողալ: Արդեօք լուսարձակի տակ առնուեցա՞ւ այդ տեղեկագիրը: Լրատուամիջոցները միայն կը հաղորդեն այս կամ այն ծովափին ապականումին մասին` անտեսելով գիտական բոլոր հետազօտութիւնները, որոնք կը փաստեն, թէ այդ ծովափները կարելի է այցելել եւ առանց ապականումի մտահոգութեան հանգիստ լողալ այդ ջուրերուն մէջ», ըսաւ ան:

Պէյրութի կոչ ուղղեց նախարար Կիտանեանին դատական հարց յարուցելու ընկերային այն ցանցերուն դէմ, որոնք զրպարտութիւններ կը կատարեն:

Մամլոյ ասուլիսի աւարտին պատասխանատուները պատասխանեցին լրագրողներուն հարցումներուն:

 

Նախորդը

Խուրի. «Շարժակներով Ստացուող Ելեկտրականութեան Բաժանորդագրութեան Յատուկ Ժամացոյցներ Պիտի Զետեղուին»

Յաջորդը

«Վարչապետ Հարիրի Լաւատես Է Կառավարութեան Մօտալուտ Ծնունդով» Շեշտեց Շքէյր

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.