Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Յուլիս 1968)

July 16, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութ Եւ Լիբանան

Էտտէ. «Ծախսեցէք`
Առանց Մսխումի»

Լիբանանի ելեւմտական նախարար Փիեռ Էտտէ երէկ իրիկուն հարցազրոյց մը ունեցաւ լիբանանեան պատկերասփիւռէն: Էտտէ ըսաւ, որ Լիբանան կարելիութիւններ ունի յաղթահարելու դժուարութիւնները եւ խոստովանեցաւ, որ նոյնիսկ եթէ յաջողի, պիտի քննադատուի, «բայց քննադատութիւնը անհրաժեշտ է ու շինիչ»:

Հարցապնդողն էր Նեժիպ Հանքաշ, որ իւրայատուկ պարզութեամբ եւ ողջմտութեամբ, «խօսեցուց» նոր նախարարը: Փ. Էտտէ ըսաւ, որ ինք «առժամեայ կարգադրութիւններու» եւ «իրաւախոհութեան» դէմ է:

Ելեւմտական նախարարը ըսաւ, որ պէտք է արագ շարժիլ: «Եթէ հիւանդ եւ արիւնահոսում ունենայ, պէտք է արիւն ներարկել, նոյնիսկ եթէ գործողութիւնը սուղ ըլլայ: Արագութեան մէջ, սակայն, հապճեպ կարգադրութիւնները անխուսափելի են: Բայց ես առժամեայ կարգադրութիւններու դէմ եմ: Անշուշտ մարդիկ կ՛աճապարեն, ես` աւելի: Եթէ ձախողիմ, աղէտ պիտի չըլլայ: Արդարեւ, ես անհատ մըն եմ պարզապէս: Բայց եթէ ելեւմտական կացութիւնը նոր տագնապի մը ենթարկուի, ատիկա աղէտալի պիտի ըլլայ»:

Փ. Էտտէ ըսաւ, թէ լիբանանեան դրամը ամուր է, բայց այդ իրողութիւնը չբացատրեց իբր թէ «լիբանանեան հրաշքով» մը: «Լիբանան միշտ ապաստան եղած է դրամագլուխներու` գիներու կայունութեան պատճառով: Երկրին մէջ դրամ դնողները տակնուվրայութիւններէ կը վախնան»: Վերջապէս, ելեւմտական նախարարը լիբանանցիներուն թելադրեց ծախսել` առանց մսխումի: Սպառումը կը խթանէ տնտեսութիւնը, ըսաւ Փ. Էտտէ:

Երախտագէտ Հայութենէն`
Ազգային Անմահ Հերոսին

Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանի յանձնախումբը Քալիֆորնիայէն մեզի ղրկած է հետեւեալ պաշտօնական յայտարարութիւնը.

Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանի յանձնախումբս կը յայտնէ, որ յուշարձանի կառուցման համար բացուած հանգանակութիւնը, աւարտած` 1967-ի աշնան, տուած է հետեւեալ արդիւնքը.

Միացեալ Նահանգներ8644.00 տոլար
Պարսկաստան3145.00 տոլար
Լիբանան2185.00 տոլար
Սուրիա251.00 տոլար
Քուէյթ204.00 տոլար
Յունաստան92.00 տոլար
Կիպրոս29.00 տոլար
Գումար`14550.00 տոլար

Յանձնախումբս իր սրտագին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն եւ հայ մամուլին:

Յանձնախումբիս կոչին ընդառաջելով` հայ արուեստագէտներ եւ սիրողներ յուշարձանի կառուցման համար իրենց առաջարկները, գծագրութիւններն ու յատակագիծերը սիրայօժար ղրկեցին յանձնախումբիս մատնանշած հասցէին:

Ստացուած են 15 ծրագիր-առաջարկներ` հետեւեալներէն (այբբենական կարգով).

Արմէն Կարպիս ՈւէլուինԿարտըն Սիթի, Անգլիա
Գասապեան ԳուրգէնՊէյրութ, Լիբանան
Գարակէօզեան տոքթ. Կ.Դամասկոս, Սուրիա
Թագուշեան ՇարլՆՃ, ԱՄՆ
Թուրիկեան Մ. ՄարթինԱփըր Տարպի, Փեն ԱՄՆ
Մարաշլեան ԽաժակՊաղտատ, Իրաք
Յակոբեան ՀարմիկՔալիֆորնիա, ԱՄՆ
Յարութիւնեան ԱրամՊուքրէշ, Ռումանիա
Շահպէկեան ՅարութիւնՆիւ Եորք, ԱՄՆ
Պասմաճեան ՏիրանԱղեքսանդրիա, Եգիպտոս
Պարսումեան Յ. ԳրիգորՀալէպ, Սուրիա
Պարսումեան ՌուբէնՀալէպ, Սուրիա
Տէրեան ՀարրիՔալիֆորնիա, ԱՄՆ
Տորեան-Հաճեան ԱշոտՔալիֆորնիա, ԱՄՆ
Փոլատեան Օ.Պուքրէշ, Ռումանիա

Բծախնդիր քննութենէ ետք յանձնախումբս իր յատուկ ուշադրութեան առարկան դարձուց ճարտարապետներ Տորեան-Հաճեան Աշոտի, Մարաշլեան Խաժակի, Գասպարեան Գուրգէնի եւ Յակոբեան Հարմիկի ներկայացուցած ծրագիրները, գրեթէ` համարժէք: Վերջնական ընտրութիւնը կեդրոնացաւ ճարտարապետ Հարմիկ Յակոբեանի ծրագրին վրայ, որուն լուսանկարը կը հրատարակենք մամուլով:

Յանձնախումբս շնորհակալութեան խօսք ունի Ս. Թեհլիրեանի յուշարձանի կառուցման ծրագրի հրաւէրին ընդառաջած բոլոր արուեստագէտներուն եւ սիրողներուն:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի 2017-2018 Տարեշրջանի Աւարտական Հանդէս

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.