ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Տագնապալից է մթնոլորտը: Ձեր ջիղերուն տէր եղէք եւ վիճաբանութենէ հեռու մնացէք: Մի՛ թերանաք ձեր գործին մէջ, կարգաւորեցէք ձեր ժամանակը եւ ճշդապահ եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի՛ պարտադրէք ձեր տեսակէտը ուրիշներուն: Մի՛ կասեցնէք այլոց գործունէութիւնը: Գործակցեցէք բոլորին հետ: Մինակ մի՛ մնաք: Ճիգ թափեցէք հասնելու համար ձեր նպատակին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Անակնկալ ծախսեր պիտի ծագին տան եւ ընտանիքին հետ կապուած: Ձեր ընտանիքի անդամներուն զօրակցութեան պէտք ունիք: Յարմար ամիս է ձեր սիրեցեալին հետ լաւ ժամանակ անցընելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դժուար վիճակը պիտի բարելաւուի, որովհետեւ լուսինը ձեր աստղին պիտի հասնի: Ձեր տրամադրութիւնները մեծ չափով պիտի բարձրանան: Նոր տեսակէտով մը պիտի ուրախանաք: Ամսուան լաւ եւ բախտաւոր օրերէն մէկն է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ընթացքը պիտի դանդաղի, եւ բախտը պիտի վերանայ: Յանդիմանութիւն պիտի ստանաք ձեր թերութեան պատճառով: Մի՛ կապուիք ժամադրութիւններու, այլ բաւարարուեցէք ձեր առօրեայ գործը կատարելով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ուզած զօրակցութիւնը եւ օգնութիւնը պիտի ստանաք: Աշխատեցէք աւարտել ձեր բոլոր գործերը: Ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնաք ձեր շրջապատին մէջ: Դրական եւ արդիւնաւէտ շրջան մըն է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պատրաստ եւ պատասխանատուութեան տէր եղէք: Կարեւոր հարցի մը համար պիտի տագնապիք: Եթէ պայմանները յարմար են մի՛ յետաձգէք հարցը: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Յարմար ժամանակ է ճամբորդելու եւ հրաշալի ծրագիրներ ներկայացնելու: Ձեռնածալ մի՛ մնաք, կրկին փորձեցէք: Ամսուան բախտաւոր օրերէն մէկն է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աշխատանքային եւ առողջական վատացումէ ուշադիր եղէք: Տագնապալից շրջան մըն է: Ընդունեցէք կացութիւնը այնպէս, ինչպէս որ է: Կարեւոր քննարկումներու պիտի մասնակցիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի զայրանաք, բայց մի՛ տարուիք ըսի-ըսաւներով: Խրատ խնդրեցէք եւ հեռու մնացէք բարձր ձայներէն: Հանդարտութիւն եւ ապահովութիւն փնտռեցէք ձեր միջավայրին մէջ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գործ մը պիտի սկսիք: Պատասխանատու դիրքի վրայ պիտի գտնէք դուք ձեզ: Յոգնութիւն պիտի զգաք եւ պիտի օգնէք ուրիշներուն: Դասաւորեցէք ձեր ժամանակը, որ ուշացումէ զերծ մնաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Տրամադրութիւնները պիտի բարձրանան: Հարցերը պիտի վերանան: Ձեր սիրելիներուն կողքին կանգնեցէք: Ձեր նախասիրութիւններով զբաղեցէք: Ամսուան գեղեցիկ օրերէն մէկն է:
