Նոթեր Ու Նետեր
Լեզուական
(Հարց Պատասխան)
– Ինչո՞ւ ֆրանսացի կարգ մը գրողներ կը գործածեն անգլերէն բառեր իրենց գրութիւններուն մէջ:
– Չէ՞ որ անգլերէն գիտնալը նորաձեւութիւն է Ֆրանսայի մէջ: Այդ գրողները կ՛ուզեն իրենց անգլերէն գիտնալը գիտցնել: Նոյնիսկ կան այնպիսի գրողներ, որոնց ամբողջ գիտցածը քսանհինգ-երեսուն անգլերէն բառ է միայն: Անոնք ալ անգլերէն գիտցող կը ձեւանան:
* * *
– Ինչո՞ւ Հայաստանի յօդուածագիրները թրքերէն, թաթարերէն, ռուսերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն, լատիներէն ու նոյնիսկ չեչեներէն բառեր կը խառնեն իրենց հայերէն ապուրին մէջ:
– Պարզապէս ըսել կ՛ուզեն, որ զարգացած են, հմուտ են, «Էնտէլիգե՜նտ» են ու բազմալեզուեան: Զուտ հայերէնը հասարակ լեզու է իրենց համար, եւ զուտ հայերէնը գրելով` վիրաւորած կ՛ըլլան իրենց «Էնտէլիգենտ»-ի արժանապատուութիւնը: Բայց իրենց հոգը չէ, երբ հազար խոց կը պատճառեն մեր մայրենի մեծասքանչին: Կարեւորը իրենց բազմալեզուեան մտաւորականի պատիւն է:
– Իսկ կան կարգ մը գրողներ ալ, որոնք յանուն լեզուի մաքրութեան, յանուն հայերէնի հարազատութեան եւ մանաւանդ օտար բառերու գործածութեան դէմ երբ յօդուածներ կը գրեն, իրենք եւս կը գործածեն օտար բառեր: Ինչո՞ւ…
– Որովհետեւ օտար բառեր գործածելու ախտը մէկ դարու հնութիւն ունի: Այդ մոլութիւնը մինչեւ իրենց արեան ու ծուծերուն մէջ անցած ու տեղաւորուած է: Եւ մոլութիւններ կան, որոնցմէ մէկէն ի մէկ հրաժարելու չէ: Ինչպէս ծխամոլ մը կտրուկ կերպով ամբողջովին հրաժարելու չէ ծխելէ: Կրնայ հիւանդանալ: Ահա թէ ինչո՛ւ օտար բառերու գործածութեան դէմ պայքար մղողներէն ոմանք կը գործածեն օտար բառեր, անոնց քանակը քիչ մը նուազեցուցած, բայց հիմնովին չհրաժարելով անոնցմէ: Վստահաբար, ըստ իրենց բժիշկին յանձնարարութեան: Ատկէ զատ, կ՛ուզեն ըսել «Մենք, որ օտար բառերու գործածութեան դէմ կը գրենք, թիւրիմացութեամբ չկարծուի թէ օտար լեզուներ չենք գիտեր: Մենք ալ ձեզի չափ, թերեւս ձենէ աւելի, զարգացած, գիտուն, հմուտ ու բազմալեզուեան էնտէլիգենտներ ենք, ինչպէս կը տեսնուի մեր գործածած բառերէն»:
* * *
– Ի՞նչ է պատճառը, որ մեր արեւելահայ գրողներէն քանի մը հատին լեզուն պերճ է, ու մնացեալներուն լեզուն, դժբախտաբար, զուրկ է պերճութենէ:
– Որովհետեւ առաջինները ամուսնանալով, միանալով արեւմտահայ լեզուին հետ` բարեփոխուած են: Անվիճելի կերպով արեւմտահայ լեզուն մշակուած է, ճաշակաւոր է ու հարուստ` իբրեւ զգլխիչ գեղուհի:
– Ուրեմն արեւմտահայ լեզուն ունի բազմաթիւ ամուսիններ:
– Այդպէս է, եւ այդպէս ըլլալուն պատճառը այն է, որ թագուհի է, թագուհի՜:
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
Արժանթինահայ Ազգային Կեանք
Վազգէն Ա. Կաթողիկոս
Պուէնոս Այրեսի Մէջ
Հաղորդած էինք, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. Հիւսիսային Ամերիկայէն ետք, յունիս 15-ին ժամանեց Պուէնոս Այրես` հովապետական այցելութիւն տալու համար նաեւ Հարաւային Ամերիկայի իր հօտին:
Յունիս 19-ին, Խրիմեան կրթական հիմնարկութեան սրահին մէջ, ի պատիւ Վազգէն Ա.ի, կազմակերպուած է ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին վեհափառ հայրապետը խօսած է ազգայնաշունչ ճառ մը:
Յունիս 23-ին վեհափառ հայրապետը իր շքախումբով այցելած է ՀՄԸՄ-ի մարզադաշտը:
Նախ, մարզադաշտին վրայ, սկաուտները, արենուշները եւ գայլիկները տողանցք մը կատարած են վեհափառի առջեւ, ապա իջեցուցած են արժանթինեան, ՀՄԸՄ-ի եւ Եռագոյն դրօշները: Արարողութենէն ետք թէյասեղան մը տրուած է ի պատիւ հիւրերուն, որուն ընթացքին, վեհափառ հայրապետը իր սկաուտական կեանքէն օրինակներ բերելով` մատնանշած է սկաուտութեան օգտակարութիւնը:
«Մարմնակրթութիւնը,- ըսած է վեհափառը,- երեխաներուն մէջ կը զարգացնէ բարոյական ըմբռնումները, կը կերտէ երիտասարդներուն բարոյական նկարագիրը եւ ՀՄԸՄ-ի միջոցաւ անոնց մէջ կը մշակէ ազգային ոգի եւ հայրենասիրական զգացում: Ոեւէ մէկը չի կրնար գաղափարի մը ծառայել, եթէ ան բարոյական նկարագիր չունի: Գաղափարական մարդու խարիսխը բարոյական նկարագիրն է»:
Ապա վեհափառ հայրապետը մաղթած է, որ ՀՄԸՄ-ի անդամներուն թիւը աւելնայ, եւ անոնք բարոյական ու մարմնական կրթութեան զուգընթաց, տոգորուին նաեւ ազգային ոգիով եւ հայրենասիրական զգացումներով:
Յունիս 25-ին վեհափառ հայրապետը Սան Մարթինի անունը կրող հրապարակին վրայ ծաղկեպսակ մը զետեղած է Արժանթինի ազատարար զօր. Սան Մարթինի յուշարձանին առջեւ:
Նոյն օրը այցելած է Խրիմեան կրթական հիմնարկութեան դպրոցները: Ներկայ գտնուած է դասաւանդութեանց եւ ճաշած է աշակերտութեան հետ միասին:
Յուլիս 4-ին, վեհափառ հօր մեկնումին առիթով, ճաշկերոյթ մը պիտի տրուի արժանթինեան «Ռուրալ» ընկերակցութեան սրահին մէջ:
