Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւոր դաշնակից Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները երէկ յայտարարեցին, թէ Հտէյտայի մէջ զինուորական գործողութիւնը «ժամանակաւորապէս պիտի դադրեցնէ»` առիթ ընծայելու համար Հտէյտա նաւահանգիստը «առանց նախապայմաններու» յանձնելու հոլովոյթը դիւրացնելու ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Մարթին Կրիֆինի ջանքերուն:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քըրքաշ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ անգլերէնով գրառում մը կատարելով ողջունեց հուսիներու Հտէյտա քաղաքէն ու նաւահանգիստէն հեռացումը` ապահովելու համար ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակին թափած ջանքերը:
«Մեր արշաւը ժամանակաւորապէս դադրեցուցինք` այս ընտրանքը ամբողջական կերպով փորձելու համար բաւարար ժամանակ տրամադրելու համար», նշեց ան:



