Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 2, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եագուպ Սարրաֆի որոշումով, Պաալպէք-Հերմելի մէջ զէնք կրելու արտօնագիրները սառեցուեցան ցնոր տնօրինում:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆնէյշ կոչ ուղղեց կառավարութեան կազմութեան ճիգերը խոչընդոտող արգելքները վերացնելու եւ այդ աշխատանքը շարունակելու` յարգելով երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ ըստ Մեհրապի համաձայնագիրին, Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնները հաւասարապէս պիտի բաժնուին նախարարութիւնները, պայմանով որ հանրապետութեան նախագահին 5 նախարար յատկացուի:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ կառավարութեան մէջ երեք տիւրզի նախարարները ճշդելու իրաւասութեան: «Իսկ եթէ անոնք քաջ են, ապա թող յանդգնին առանց մեզի կառավարութիւն մը կազմել», աւելցուց ան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու գոյութեան իրականութիւնը Լիբանանի մէջ վերածուած է աւազակութեան հսկայ արշաւի մը` լիբանանեան միութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ: «Հետեւաբար զարմանալի չէ լսել անոնց տունդարձը մերժող լիբանանեան եւ միջազգային արտայայտութիւններ», հաստատեց Սէյիտ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ հաւանական նկատեց, որ այս շաբթուան ընթացքին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին սպառնացող արգելքները կը վերանան:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ տիւրզի համայնքին ներկայացուցչութեան վերաբերող խուսանաւումները հսկայ հարց մը պիտի ստեղծեն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած յապաղումը կարելի չէ բացատրել կամ արդարացնել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի երէկ Մաժտալիունի մէջ ընդունեց պաղեստինեան զինեալ խմբաւորումներուն պատասխանատուները, որոնց հետ քննարկեց պաղեստինեան գաղթակայաններուն իրադարձութիւնները` հաստատելով գաղթակայաններուն անվտանգութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Նետիմ Մունլա հաստատեց, որ վարչապետ Հարիրի կոչ կ՛ուղղէ լիբանանեան բոլոր կողմերուն իրենց պահանջներուն մէջ աւելի ժուժկալ ըլլալու, որպէսզի կարելի ըլլայ այս նուրբ ու դժուար ժամանակաշրջանին Լիբանանի գերագոյն շահերը ապահովել:

ՍՈՒՐԻԱՑԻ տեղահանուածներուն յատուկ Եւրոպական Միութեան գերատեսչութեան Լիբանանի ներկայացուցիչ Միրէյ Ժերար յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն 90 առ հարիւրը կը փափաքին իրենց երկիրը վերադառնալ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Պաքըր Հուժէյրի յայտնեց, որ գետնի վրայ իրենց աշխատանքներուն եզրակացութեամբ, սուրիական իշխանութիւնները կը մերժեն, որ սուրիացի բոլոր տեղահանուածները Սուրիա վերադառնան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն կոչ ուղղեց, որ կառավարութեան մէջ քաղաքական ուժերուն ներկայացուցչութիւնը ըլլայ համամասնական դրութեան հիման վրայ:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Կեդրոնական դրամատան կողմէ բնակարանային վարկերու թղթածրարին լուծումը կախեալ է նոր կառավարութեան կազմութենէն:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտողը քաղաքական այլ ուժեր են եւ ոչ թէ համախմբումը, որուն քաղաքական կշիռը յստակ է եւ որուն հիման վրայ ան կը ծաւալէ քաղաքական իր գործունէութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի հաստատեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու թղթածրարին առումով պէտք է գործակցութիւն ըլլայ պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք Լիբանանեան ուժերուն հետ յարաբերութիւնները պէտք է արժեւորել եւ անցնիլ անոնց ամրապնդումին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռաշիտ Տըրպաս ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածները հետապնդելու ծրագիրը ջնջուած է, որպէսզի պետութիւնը չիմանայ անոնց վերաբերող մանրամասնութիւններուն մասին:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի ղեկավար, երեսփոխան Միշել Մուաուատ երէկ այցելեց Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպայի, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին մշակած են յստակ ծրագիր մը, որուն գործադրութիւնը աստիճանաբար կարելի է իրականացնել:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ, երեսփոխան Նեժիպ Միքաթիի խորհրդատու Խալտուն Շերիֆ յայտնեց, որ Անկախ կեդրոնի պլոքը, որուն մաս կը կազմեն 4 երեսփոխաններ, իրաւունք ունի նոր կառավարութեան մէջ մէկ նախարարով ներկայանալու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց մեղմացնելու պահանջները` յանգելով այնպիսի կառավարութեան մը, որուն անդամները ատակ նախարարներ են:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Լիբանանեան ուժեր յանձնառու կը մնան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ մթնոլորտը պահպանելու: Նոյն օրաթերթը գրած է նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ իրենց փոխըմբռնումը վերարժեւորումի կարիք ունի:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելուներէն, կը գրէ, թէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ապահոված արդիւնքները պէտք է դրսեւորուին կառավարութեան մէջ անոնց ներկայացուցչութեան համեմատութեան մէջ:

 

Նախորդը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Հտէյտայի Մէջ Զինուորական Գործողութեան «Ժամանակաւոր Դադրեցում» Յայտարարեց

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Կազմելու Բարեկարգումներու Գործադրութեան Կարողութիւն Ունեցող Կառավարութիւն Մը

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.