Քերքուքի մէջ երէկ տեղի ունեցան երեք ականահարումներ, որոնցմէ մէկուն թիրախը քուէատուփերու պահեստանոց մըն էր:
Իրաքեան ոստիկանութենէն աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Քերքուքի մէջ քուէատուփերու պահեստանոցին մօտ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը պատճառած է զոհ մը եւ քսան վիրաւորներ, որոնց մեծամասնութիւնը այդ պահեստանոցի հսկողութեան պարտականութիւնը կատարող ոստիկաններ էին:
Ըստ իրաքեան լրատու գործակալութիւններու, զոհերուն թիւը վեց է:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Քերքուքի մէջ քուէատուփերու պահեստանոցին դէմ կատարուած յարձակումը ականուած ինքնաշարժով անձնասպանական գործողութիւն մըն էր:
Քերքուքի նահանգապետը յայտնած է, թէ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի կեդրոնը թիրախ դարձուցած յարձակումին պատճառով քուէատուփեր չեն վնասուած:



