Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեան 26 յունիսին ընդունած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Մնացականեան կարեւոր նկատած է Հայ դատի յանձնախումբի աշխուժ դերակատարութիւնը ամերիկահայ համայնքային կեանքին մէջ եւ ամերիկեան վարչակազմի շրջանակներուն մէջ համահայկական օրակարգի հարցերը մնայուն կերպով բարձրացնելու վերաբերող գործունէութիւնը:
Րաֆֆի Համբարեան նախարարին ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբին գործունէութիւնը, ընթացիկ եւ յառաջիկայ ծրագիրները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր, միտքեր փոխանակուած են համահայկական ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք միացեալ քայլերուն շուրջ:



