Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան պաշտօնապէս յայտարարած է, թէ իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ 2020-ին տեղի ունենալիք Արցախի նախագահական համաժողովրդական ընտրութիւններուն: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Բակօ Սահակեան նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Արցախի եւ Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայաններուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
«Ինչպէս գիտէք, 2017-ին մեր ժողովուրդը հանրաքուէի միջոցով ընդունեց նոր Սահմանադրութիւն, որով նախատեսուած է անցումային փուլ` երեք տարի ժամկէտով: Այդ ժամանակը նախատեսուած է նաեւ օրէնսդրական դաշտը նոր Սահմանադրութեան համապատասխանեցնելու համար: 2020-ին, գործող Սահմանադրութեան համաձայն, տեղի պիտի ունենան Արցախի Հանրապետութեան նախագահի համաժողովրդական ընտրութիւններ: Կ՛ուզեմ պաշտօնապէս յայտարարել, որ ես պիտի չմասնակցիմ այդ ընտրութիւններուն իբրեւ հանրապետութեան նախագահի թեկնածու: Մասնակցութիւնս պիտի ըլլայ միայն իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացի, որ կ՛ընտրէ նոր նախագահ», ըսած է Բակօ Սահակեանը:
Ան աւելցուցած է, որ ասիկա ոչ թէ պահու թելադրանքով ընդունուած, այլ գիտակցուած որոշում է, որ կը բխի արժեհամակարգէ, ժողովրդավարական եւ քաղաքակիրթ երկիր կառուցելու հրամայականէ: «Եւ քանի որ տեղի պիտի ունենան նախագահի եւ Ազգային ժողովի համաժամանակեայ ընտրութիւններ, ես` իբրեւ գործող նախագահ, օրէնքով սահմանուած իմ լիազօրութիւններու շրջագիծին մէջ պիտի ձեռնարկեմ բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն, որպէսզի թէ՛ նախագահի, եւ թէ խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարուին ազատ, արդար եւ թափանցիկ», յայտարարած է Արցախի նախագահը:
Նախագահ Սահակեան Հանդիպում Ունեցած Է
Շարք Մը Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Հետ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 յունիսին հանդիպումներ ունեցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, Արցախի ժողովրդավարական եւ Ազատ հայրենիք կուսակցութիւններու ղեկավարներու եւ խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ:
Քննարկուած են երկրի ներքաղաքական վիճակին առնչուող շարք մը հարցեր:
Երկուստեք կարեւոր նկատուած է հանրապետութեան մէջ կայունութեան պահպանումը, բացառապէս պետական շահերով առաջնորդուիլը եւ այս շրջագիծին մէջ օրէնքներու եւ Սահմանադրութեան տառինու ոգիին հետեւելը:




