Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խօսած է Աւստրիոյ մէջ 7 մզկիթի փակման ու մօտիկ ապագային սպասուող բազմաթիւ իսլամ կրօնաւորներու արտաքսման մասին` դիմելով Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրցին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:
«Տե՛ս, տակաւին շատ երիտասարդ ես, տակաւին շատ փորձառութեան կարիք ունիս: Տե՛ս, ասիկա չմոռնաս, տե՛ս, քու այս վարքովդ գլխուդ փորձանք պիտի բերես: Աւստրիոյ մէջ մէկ մզկիթի փակումը կամ այդտեղի իսլամական հոգեւորականները երկրէն դուրս նետելը կրնայ խաչի եւ մահիկի նոր տագնապի սկիզբ դնել, եւ ատոր պատասխանատուն դուն պիտի ըլլաս», ըսած է Էրտողան` պնդելով, որ ամբողջ աշխարհի մէջ այսօր կ՛աճին իսլամներու դէմ բռնաճնշումները:
Թուրքիոյ նախագահը նախապէս սպառնացած էր, որ իր երկիրը անպատասխան պիտի չձգէ այդպիսի քայլերը, եւ յայտարարած էր, որ եթէ Արեւմուտքը Աւստրիոյ պատշաճ դաս չտայ` «այս գործը կրնայ այլ զարգացումներ ունենալ»:
Յիշեցնենք, որ Աւստրիոյ վարչապետը յայտարարած էր, թէ երկրի տարածքին փակուած է 7 մզկիթ, իսկ մօտիկ ապագային Աւստրիայէն կրնան արտաքսուիլ շարք մը իսլամ կրօնաւորներ:
Աւստրիոյ մէջ մզկիթներու առնչուած հետաքննութիւն սկսած էր, երբ աւստրիական «Ֆալթեր» պարբերականի էջերուն մէջ յայտնուած էին երկրին մէջ գործող թրքական մզկիթներէն մէկուն մէջ առնուած լուսանկարները. անոնց մէջ կ՛երեւէին զինուորական հագուստով երեխաներ, որոնք Տարտանելի ճակատամարտին մասին պատմող բեմադրութեան մէջ զոհուող զինուորներու դեր ստանձնած էին:
Ատկէ ետք, Քուրց յայտարարած էր, թէ այդպիսի պատկերները պէտք չէ տեղ գտնեն աւստրիական իրականութեան մէջ, եւ հրահանգած էր հետաքննութեան սկսիլ մզկիթներու գործունէութեան վերաբերեալ:
Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարար Վոլֆկանկ Սոպոթքա ուրբաթ, 8 յունիսին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող մզկիթներէ 70 իմամներ պիտի վտարուին երկրէն:



