Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան անկախութեան հարիւրամեակը ինչո՞ւ պիտի տօնախմբենք, գիտաժողով, համաժողով եւ այլ բաներ պիտի կազմակերպենք, եթէ իրաւութեամբ դրոշմուած ժառանգորդ չենք այդ պատմական մեծ իրականացման:
Պարզ հարցումի մը պէտք է պատասխանել, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), առանց դասական-աւանդական ինքնարդարացման ճապկումներու. ինչպէ՞ս կ’ապրինք այսօր այդ ժառանգութիւնը, ինչպէ՞ս պէտք է ապրիլ այդ ժառանգութիւնը:
Այս մասին կը մտածէի եւ աւելի քան կէս դար ետ գացի, այն ատեն յիսնամեակ էր:
Ուսուցիչ մը ունէինք, երբ Հալէպի ճեմարանի աշակերտ էինք: Բաւական ուշ ճանչցանք զինք` որպէս մարդ: Առանձին կը բնակէր: Գիտուն մարդ էր, քիմիագէտ, բայց նաեւ ընկերային-քաղաքական ընդարձակ մշակոյթ ունէր:
Հարիւր տարի առաջ ան աւարտած էր Զուիցերիոյ համալսարանը եւ ստացած` քիմիագիտութեան տոքթորի աստիճան:
Փոխանակ ընդառաջելու աշխատանքի եղած առաջարկներու, որոնք կրնային իր առջեւ բանալ յաջողութեան ասպարէզ, ինքզինք հաւաքած եւ խոշոր վկայականը շալկած` գացած էր Հայաստան:
Ո՛չ հայդուկ էր, ո՛չ գնդապետ, ո՛չ կուսակցապետ:
Գաղթականներու եւ պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող անկախ Հայաստան գացած էր` ազգի անդամի օրինակելի գիտակցութեամբ: Երբեմն կը մտածեմ, թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ իր ապագան, եթէ Զուիցերիա կամ Եւրոպա մնացած ըլլար, կամ, ինչպէս շատեր, ինք ալ գացած ըլլար Uncle Sam-ի երկիրը:
Հալէպի կամ Պէյրութի ճեմարաններու ուսուցիչի ռոճիկով ապրող մը պիտի չըլլար, հետագային` համեստ հիւրանոցի սենեակին մէջ բնակող, Ամերիկայի իր քրոջ ղրկած օժանդակութեամբ ապրող, կրնար հարստացած ըլլալ, ունենալ տուն կամ ապարանք, Լոզանի լիճի եզերքը, կամ Քոթ տ’Ազիւր, կամ ալ` Ֆլորիտա:
Երիտասարդ քիմիագիտութեան տոքթորը հայ էր, իր ծագման հաւատարիմ, ինքզինք տեսած էր իր ժողովուրդին եւ հայրենիքին մէջ, գացած էր նորաստեղծ Հայաստանին բերելու իր նպաստը: Ճակատագիրը այլ բան տնօրինած էր իրեն եւ իր ժողովուրդին համար: Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, ազգին նուիրուած եւ ծառայած ուրիշներու պէս ինք ալ դարձած էր գաղթական:
Ինչպէս գաղթական են սփիւռք(ներ)ի հայերը, հայրենահանուածներու սերունդը եւ նորերը, նոյնիսկ եթէ այդ բառը պատշաճ չի համարուիր:
Իր կենսագրութիւնը գրելու յաւակնութիւնը չունիմ, տուեալներն ալ չունիմ, քանի որ այդ մասին չէր խօսեր: Հատուկենտ տեղեկութիւններով միայն իմացած էինք իր մասին:
Այդ նիհար, տարեց, հանդարտ մարդէն մնաց իր կեանքի օրինակի դրուագը. քիմիագիտութեան երիտասարդ տոքթորը Զուիցերիայէն Հայաստան գացած էր իր հայրենիքին հետ ըլլալու եւ անոր ծառայելու համար:
Այս հայրենասիրական արարքին համար յիշատակի օր չի կազմակերպուիր, իր դիմանկարը չենք տեսներ թերթերու եւ ակումբներու մէջ: Բայց էականը այն է, որ ան իր մարդկային եւ ազգային հպարտութիւնը նուաճած էր հայրենադարձութեամբ, բանաստեղծին բառերով` «Ողբի հայրենիք, որբի հայրենիք»` կոչուած ի՛ր երկիրը, որ նոյն բանաստեղծի բառերով` «Յոյսի հայրենիք», լոյսի հայրենիք» էր: Այդ լոյս-ի ճառագայթումին մասնակցելու համար ուզած էր տէր ըլլալ:
«Յոյսի հայրենիք»-ը, լոյսի հայրենիք ըլլալու համար, առաջին հերթին մարդկային ներդրումի պէտք ունէր եւ պէտք ունի: Քիմիագիտութեան երիտասարդ տոքթորը այդ հասկցած էր եւ ուզած էր այդպէս ապրիլ:
Դար մը ետք պատմութեան հետ կրկին ժամադրուած ենք:
«Յոյսի հայրենիք»-ը ոտքի կանգնած է Արարատեան դաշտին մէջ: Բայց սփիւռք(ներ)ը յոյսը լոյսի վերածելու համար անձնդիր վերադարձի ճամբուն վրայ չէ, ընդհակառակն, յոյսէ եւ լոյսէ հրաժարողներ ճամպրուկները շալկած` կը հեռանան: Հարիւրամեակ պիտի տօնախմբենք այս պատկերին դիմաց կանգնած:
Բանաստեղծութեան ընթերցումը ցաւի բալասան է:
Բանաստեղծները առանց գիտական մանուածապատ վերլուծումներու` կը պեղեն հոգիները:
Ուսուցիչիս յիշատակին հետ յիշեցի նաեւ Պարոյր Սեւակը, որուն խօսքերը կը լսենք, կը ծափահարենք եւ ապա կը վերադառնանք ապահովութիւն փնտռող մեր առօրեային, սփիւռքին, սփիւռքացող նորերուն, սպառողական ընկերութեան գինովութեան:
Պարոյր Սեւակի բարձրաթռիչ տողերը կարծէք մեր այսօրուան հրաժարումներուն տխրութեան հայելին կը բռնեն մեր առջեւ:
Ո՞վ չէ լսած Պարոյր Սեւակի դիմադրականի փողի ձայնը, որ միւս փողին, փող աշխատելու կիրքին կարօտը չէ, գերութիւնը չէ:
Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում
Բայց մեզ էլ գիտենք –
Մեզ հայ են ասում:
Եւ ինչու՞ պիտի չհպարտանանք,
Կա՛նք: Պիտի լինե՛նք: Ու դեռ -շատանանք…
Ինչպէ՞ս շատանալ… բացակայութեա՞մբ, որ կը շպարուի ծափերով:
Երգիչներուն հայրենասիրական զեղումներուն ունկնդիր ենք, այդպէս ալ, ամէն անգամ որ Պարոյր Սեւակ կամ Սիլվա Կապուտիկեան կը լսենք, կը ծափահարենք: Ո՞վ կը յիշէ քիմիագիտութեան տոքթոր ուսուցիչիս օրինակը:
Հիմա տոքթորները հայրենիք չեն վերադառնար, տոքթորները Հայաստանէն կը հեռանան եւ իրենք զիրենք կը կոչեն աշխարհի հեռու կամ մօտ երկիրներու ծառայութեան, կարծէք` Քրիստոսի աշակերտ ըլլային…
Ոչ միայն տոքթորները, նաեւ` սափրիչները, իրաւագէտները, վարժապետները, ոսկերիչները, նկարիչները, դերասանները: Սփիւռք(ներ)ը կը հեղեղուի եւ Հայաստա՞նը… յուզումներու եւ յիշատակներու չանհանգստացնող հեռու հեռաւոր պարտէզ, դեռ վերջնականապէս չանհետացած հայուն Հոնոլուլուն:
Հարիւրամեակին բարձրախօսները պիտի թնդան, զբօսաշրջիկները պիտի աւելնան, օդանաւերը լեցուն պիտի երթան, բայց ափսոս, դատարկ պիտի չվերադառնան:
Սփիւռք(ներ)ը պիտի շարունակէ հայրենասիրութեան-բարեսիրութեան աղմուկով շաբաթավերջին թարանթելլա պարել, կամ` քոչարի, միամիտ այն հաւատքով, որ հայրենիք կը պահուի գետինը դոփելով, փոշի բարձրացնելով եւ հաւատալով, որ այդպէս շարունակութիւն կը մնայ:
Սփիւռքացումը համաճարակ է ոչ միայն հայրենահանուածներուն համար, այլ նաեւ` հայրենաբնակներու: Կարծէք` մոլորակի բնակեցումը հայուն առաքելութիւնը ըլլար, երբ ինք անատակ է իր երկրին բնակեցումը ապահովելու:
Իսկ սփիւռքները եւ սփիւռքացողները, գետ ըլլան թէ առու, հարկատու պիտի ըլլան ուրիշ գետի մը կամ ծով պիտի թափին: Պիտի թափին եւ վերջ:
Հարիւրամեակի բարձրաթռիչ խօսքերը եւ բարձրախօսները երբ լռեն, Հայաստանի միկրացիայի գրասենեակը պիտի հրապարակէ՞ թիւերը հայրենադարձներու եւ հայրենաթողներու, որպէսզի մենք մեզ դիտենք հայելիին մէջ, իմանանք մեր լինել չլինելու մասին ճշմարտութիւնը:
Ի վերջոյ մեր ժողովուրդին պիտի խօսուի՞ սփիւռք)ներ)ի վախճանական նպատակի (finalité) մասին: Ո՞ւր կրնան հասնիլ սփիւռք(ներ)ը եւ սփիւռքացողները, եւ` ինչո՞ւ:
Աստուածաշունչի ոսկի հորթին պատմութիւնը ինչո՞ւ չենք պատմեր մենք մեզի եւ մեր յետնորդներուն… Այդ պատմել` Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Որքա՜ն հաճելի է մեր ականջներուն լսել Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կանչը` «Արի տուն»:
Բայց պէտք է աւելցնել, «Արի տուն», այո՛, որպէս տանտէր հարազատ, ոչ որպէս կարօտ հովահարող զբօսաշրջիկ կամ խիղճ հանդարտեցնող բարեսէր…
Այսքան պարզ ազգային քաղաքական խօսք պարտական ենք մեր ազգին, նախագահէն մինչեւ կրօնապետ, մտաւորական թէ բարերար:
Մի՞թէ մոռցած ենք մեր այնքան սիրած Չարենցի միշտ թութակաբար կրկնուող խօսքը, թէ` «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»…
Պէտք է բացատրել, թէ ինչպէ՛ս հաւաքական ուժ կը ստեղծուի Ուշուայա, Օտեսա, Սթոքհոլմ, Պեւըրլի Հիլզ նստած մնալով եւ կարօտներու խտիղ տալով:
Գիտական եւ ճառային մարզանքներէ առաջ եւ վերջ, պիտի ըսուի՞, թէ ինչպէ՛ս կը ստեղծուի այդ հաւաքական ուժը:
Այդ հաւաքական ուժը, մեր միակ փրկութեան համար, կը ստեղծենք, եթէ հայերը Տուն դառնան, ըլլան տանտէր եւ ոչ` հիւր:
Աւելորդ չէ կրկին յիշել Վիգէն Խեչումեանի աստուածաշնչական խօսքը. «Օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ…»:
Հարիւրամեակին իսկական ազգային լիցք պիտի տա՞նք,ան պիտի ըլլա՞յ սկիզբ հայրենատիրութեան, թէ՞ պիտի բաւարարուինք… հրավառութիւններով…
21 յունուար 2018, Նուազի-լըԿրան


