Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշանակուեցան Նոր Մարզպետները` Երկուքը Դաշնակցական

June 2, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իշխան Սաղաթելեան                                                                                                            Աշոտ Սիմոնեան

Հայաստանի կառավարութեան 1 յունիսի նիստին 8 մարզպետ նշանակելու որոշում տրուած է:

Արագածոտնի մարզպետ նշանակուած է Աշոտ Սիմոնեանը (ՀՅԴ), Արարատի մարզպետ` Գարիկ Սարգսեանը, Կոտայքի մարզպետ` Ռոմանոս Պետրոսեանը, Տաւուշի մարզպետ` Վահէ Ղալումեանը, Շիրակի մարզպետ` Կարէն Սարուխանեանը, Գեղարքունիքի մարզպետ` Իշխան Սաղաթելեանը (ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ), Վայոց ձորի մարզպետ` Արագած Սաղաթելեանը, Լոռիի մարզպետ` Հրանդ Մարգարեանը:

Արմաւիրի եւ Սիւնիքի մարզպետները պիտի շարունակեն պաշտօնավարել:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ մարզպետներու նշանակումները իրականացուած են քաղաքական համաձայնութիւններու շրջանակին մէջ:

Օրուան ընթացքին Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան Արագածոտնի մարզպետարանին մէջ ներկայացուցած է նոր նշանակուած մարզպետ Աշոտ Սիմոնեանը: Նախարարը նշած է, որ բոլորին պարտքն է քայլեր առնել բացառապէս Հայաստանի սահմանադրութեան եւ օրէնքներու ծիրին մէջ: Ան կարեւոր նկատած է համայնքապետներուն ժողովրդավար ըլլալու խնդիրը, խօսած է համայնքապետ-աւագանի յարաբերութեան, գործողութիւնները հանրութեան շահերուն ծառայեցնելու անհրաժեշտութեան եւ այլ հարցերու մասին:

Մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան  հպարտութեամբ նշած է, որ 8-9 ամիս առաջ իրենց նախանշած ծրագիրները, գործունէութեան տրամաբանութիւնը լիովին համահունչ են ներկայ պահանջներուն: Ան վստահեցուցած է, որ մարզին ղեկավարութիւնը, ամբողջ աշխատակազմն ու կառոյցները միասնաբար պիտի գործադրեն առաջադրուած խնդիրները:

Աշոտ Սիմոնեան շնորհակալութիւն յայտնած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ  երկրի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որովհետեւ անոնք վստահեցան իրեն եւ կարելիութիւն տուին ի կատար ածելու մարզի եւ երկրի զարգացման իր տեսլականը:

Գեղարքունիքի նոր նշանակուած մարզպետ Իշխան Սաղաթելեան իր կարգին ճանաչողական հանդիպում ունեցած է մարզպետի տեղակալներուն, աշխատակազմի ղեկավարին եւ յատուկ ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն հետ:

Ան դիտել տուած է, որ լաւապէս կը գիտակցի, թէ մարզին մէջ նախորդ ժամանակաշրջանէն կան կուտակուած բազմաթիւ հիմնախնդիրներ, որոնց պէտք է լուծում տրուի խմբային արդիւնաւէտ աշխատանքով: «Կանխակալ մօտեցում չենք ցուցաբերեր ոեւէ աշխատակիցի նկատմամբ եւ նախ եւ առաջ հաշուի կ՛առնենք անոնց մասնագիտական հմտութիւններն ու որակները: Բնական է, որ մենք մարզը պիտի կառավարենք ոչ թէ մարզպետարանի պատուհանէն, այլ` համայնք առ համայնք, կազմակերպութիւն առ կազմակերպութիւն այցելելով, տեղւոյն վրայ հարցերուն ծանօթանալով ու արդիւնաւէտ լուծում գտնելով: Մեր աշխատանքներուն մէջ պիտի ներգրաւուին նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններ եւ հանրութեան առողջ ու գիտակ ուժեր:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Համաձայնութիւն Տուաւ Իր Ծրագիրին Եւ Ուղարկեց Ազգային Ժողով

Յաջորդը

Ռամոս Եւ Անոր Ընտանիքը Բազմաթիւ Սպառնալիքներ Ստացած Են

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.