Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ական Ժան Սաաթճեան Պարգեւատրուեցաւ Յետմահու

April 10, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 25 փետրուար 2018-ին, Ժիւնիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ վերջին հրաժեշտ տրուեցաւ ՀՄԸՄ-ական Ժան Սաաթճեանի, որուն յուղարկաւորութեան աւարտին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը յետմահու պարգեւատրեց տիպար միութենականը` «Ծառայութեան» շքանշանով: Շրջանային վարչութեան անդամ Պետիկ Լոճիկեան շքանշանը յանձնեց վաստակաւոր հանգուցեալին զաւակին:

Ժան Սաաթճեան մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն է, երբ ան տակաւին կը կոչուէր Ահարոնեան մարզական միութիւն: 4 մարտ 1951-ին ան մաս կը կազմէ վարչութեան` իբրեւ գանձապահ: 7 հոկտեմբեր 1951-ին կը նշանակուի նորակազմ գայլիկ վոհմակի պատասխանատու` որպէս աքելլա, եւ եղբ. Ժանով կը սկսի մասնաճիւղին սկաուտական գործունէութիւնը:

18 մայիս 1952-ին, իբրեւ վարչութեան անդամ, կը շարունակէ իրեն վստահուած սկաուտական գործունէութիւնը: Ժան Սաաթճեանը մաս կը կազմէ 1954-1956 վարչութիւններուն` իբրեւ ատենադպիր եւ ապա` գանձապահ: 1957-ին մասնաճիւղին վարձած հողաշերտին մէկ մասը կը ծախուի այլ կալուածատիրոջ: 1958-ին կը ծնի ամբողջ հողաշերտը գնելու գաղափարը: 1961-ին կը կազմուի դաշտի գնման յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ  Ժան Սաաթճեանը: Կը սկսի երկար եւ տքնաջան աշխատանքային գործընթաց մը` ապահովելու ամբողջ հողաշերտի սեփականացումը: Բիւզանդ Թորիկեանի կողքին, Ժան Սաաթճեանը կ՛ըլլայ գլխաւոր բանագնացը հողատէր մեթր Սամի Պուէյզի մօտ: Հողաշերտը կը գրանցուի` որպէս ազգապատկան կալուած, եղբ. Ժանը կը վարէ ատենապետի պաշտօնը անընդհատ` 1966-1972, ինչպէս նաեւ` 1975-1985 եւ 1986 տարեշրջաններուն: 1979-ին ան մաս կը կազմէ վարչութեան` որպէս հաշուապահ: 1 եւ 2 մարտ 1969-ին Վարուժան Թորիկեանի եւ Ժան Ապաճեանի հետ մասնաճիւղը կը ներկայացնէ ՀՄԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի Պատգամաւորական ժողովին: Ժ. Սաաթճեանը իր վարչական գործունէութեան կողքին, մաս կազմած է նաեւ մասնաճիւղի պասքեթպոլի խումբին, եղած է մարզական յանձնախումբի անդամ եւ 1963-ին` մասնաճիւղի աղջկանց խումբի մարզիչ:

Վերջապէս, Ժան Սաաթճեանին անունը կը գտնենք 1 մարտ 1955-ի պետական գրանցումի մասնաճիւղը ներկայացնող եղբայրներու` Արամ Սուքիասեան, Արմէն Սաաթճեան, Ստեփան Հաստաճեան եւ Գէորգ Գազանքեանի կողքին:

 

Նախորդը

Թուրքիա Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Համաձայնագիրը Ամէնէն Շատ Խախտողն Է

Յաջորդը

Վտանգաւոր Բեւեռացում

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.