Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեհական Ընկերութիւնը Կը Պատրաստուի Ներդրումներ Կատարելու Հայաստանի Ջրամբարաշինութեան Մարզին Մէջ

March 24, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կառավարութեան կեդրոնին մէջ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի ներկայութեամբ փոխըմբռնման յուշագիր կնքուած է  նոր ներդրումներու մասին: Փաստաթուղթը ստորագրուած է քառօրեայ գործարար այցելութեամբ Հայաստան գտնուող «ՍԻՄԵՏ Կրուփ» ընկերութիւններու նախագահ Պոկուսլաւ Շիքորսքիի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ջրային տնտեսութեան պետական կոմիտէի նախագահ Արսէն Յարութիւնեանի միջեւ: Գործարարներուն ուղեկցած է «Պիզնես Արմենիա»-ի խումբը:

«ՍԻՄԵՏ Կրուփ» ընկերութիւններու նախագահ Պոկուսլաւ Շիքորսքի պատրաստակամութիւն յայտնած է ծրագիրը սկսելու յունիսին:

«ՍԻՄԵՏ Կրուփ» խումբի ընկերութիւնները Լեհաստանի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կը զբաղին ջրելեկտրակայաններու, ջրամբարներու շինարարութեամբ, ենթակառուցուածքներու  զարգացումով, առեւտուրով, արտադրութեամբ, խորհրդատուութեամբ, պողպատի վերամշակումով, պողպատէ կառոյցներու շինարարութեամբ:

Լեհ գործարարները Հայաստան կը գտնուին Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, «Պիզնես Արմենիա»-ի, Ջրային տնտեսութեան պետական կոմիտէի աջակցութեամբ: «Նախորդ երկու օրերուն «Պիզնես Արմենիա»-ի եւ Ջրային տնտեսութիւններու պետական կոմիտէի մասնագէտներու ընկերակցութեամբ գործարար պատուիրակութիւնը այցելած է Արմաւիրի մարզ, ծանօթացած ջրային տնտեսութեան մէջ իրականացուող ծրագիրներուն, ջրամբարաշինութեան ներուժին: Արդիւնքը` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանի ներկայութեամբ երէկ ամրագրուած է պայմանաւորուածութիւնը», նշած է «Պիզնես Արմենիա»-ի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւակեան:

Համագործակցութեան յուշագիրով, կողմերը պատրաստակամութիւն  յայտնած են ջանքերը միաւորելու` պետութիւն-մասնաւոր համագործակցութեամբ ներդրումային եւ ռազմավարական ծրագիրներու  իրականացման համար, խթանելու ջրամբարներու կառուցումը, ոռոգման համակարգի վերակառուցումը, նոր ենթակառուցուածքներու ստեղծումը, Մաստարա ջրամբարի նախագծումը եւ կառուցումը:

 

 

Նախորդը

Հոլանտայի Տեղական Ընտրութիւններուն Յաղթած Են Երեք Հայ Թեկնածուներ

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Ձեռնպահ Քուէարկեց Տնտեսական Մրցակցութեան Պաշտպանութեան Պետական Յանձնաժողովի Օրէնքին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.