Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Օրէնքի Մասնագէտը Կը Հաստատէ Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը

March 17, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Յարութ Սասունեան

27 փետրուար 2018-ին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, Պրիւքսէլ, տեղի ունեցաւ հանրային քննարկում մը` Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին վերաբերեալ: Քննարկումը կազմակերպած էին Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ Միշէլ Ռիւազի (Կանաչներ/ԵԱԴ) եւ Լարս Ատաքթուսըն (ԵԺԿ)` Արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնին, «Թիւֆէնքեան» հիմնարկին եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին հետ միասնաբար:

Հանրային քննարկման բանախօսներն էին` ՄԱԿ-ի ժողովրդավարութեան տարածման եւ արդար միջազգային կարգի հարցերու անկախ փորձագէտ դոկտոր Ալֆրետ տը Զայասը, Օրէնքի ամերիկեան համալսարանի Ուաշինկթընի իրաւագիտութեան դպրոցի դասախօս, Միջազգային հանրային օրէնքի եւ քաղաքականութեան խումբի համահիմնադիր դոկտոր Փոլ Ուիլիըմզը, Ռուսիոյ պետական համալսարանի դասախօս դոկտոր Սերկէյ Մարքետոնոֆը, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեանը եւ համադրող, Արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնի խորհուրդի անդամ Կիրօ Մանոյեանը:

Փրոֆեսէօր Ալֆրետ տը Զայասը իրաւական իր փաստարկը սկսաւ Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրի եւ Տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային իրաւունքներու մասին դաշնագիրի մէջբերումով, որ կը սահմանէ` «Բոլոր ժողովուրդները ունին ինքնորոշման իրաւունք»:

Միջազգային օրէնքի փորձագէտ տը Զայասը ընդգծեց, որ համաձայն ՄԱԿ-ի երկու պայմանագիրներու, «ինքնորոշման իրաւունքի կրողներ են դաշնագիրին մասնակից բոլոր պետութիւնները, որոնց ոչ միայն արգիլուած է խոչընդոտել իրաւունքի կիրարկումը, այլ նաեւ աշխուժօրէն պէտք է «նպաստեն» անոր իրականացման… Անոնք ոչ միայն պէտք է յարգեն այդ իրաւունքը, այլ նաեւ իրականացնեն զայն: Աւելի՛ն. ժամանակակից միջազգային օրէնքին մէջ ինքնորոշումը erga omnes (բոլորին նկատմամբ) պարտաւորութիւն է, որ ամրագրուած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան բազմաթիւ յօդուածներու, Ապահովութեան եւ գլխաւոր խորհուրդներու անթիւ բանաձեւերու մէջ: Ժողովուրդներու լիազօրութիւնը` առանց խտրականութեան օգտուելու մարդկային իրաւունքներէ եւ իրականացնելու որոշ աստիճանի ինքնիշխանութիւն, խիստ կարեւոր է ազգային եւ միջազգային կայունութեան համար: Այլապէս, մեծ է հակամարտութեան հաւանականութիւնը»:

Յատկանշական է, որ փրոֆ. տը Զայասը շեշտեց հետեւեալը. «Թէեւ ինքնորոշումը ի յայտ եկած է իբրեւ jus cogens (պարտադիր օրէնք) իրաւունք, որ գերակայ է միջազգային օրէնքի այլ սկզբունքներու նկատմամբ, ներառեալ` տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն անիկա ինքնըստինքեան չի կիրարկուիր»: Փրոֆ. տը Զայասը «ինքնորոշման օրինական յաւակնորդներու» շարքին նշեց` քիւրտերը, սահարաուիները, պաղեստինցիները, քաշմիրները, Պիաֆրայի իկպոները եւ Սրի Լանքայի թամիլները: Ան իբրեւ օրինակ նշեց նաեւ «Լուկանսքի եւ Տոնեցքի ռուս-ուքրանական կազմաւորումները, Փրետնեսթրովիան (Մերձտնեսթրի Մոլտովական Հանրապետութիւն), Արցախի Հանրապետութիւնը, Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան… Ժողովուրդներ, որոնք ինքնորոշման հասած են իրական անջատման միջոցով պետական միաւորներէ, որոնց հետ մինչ այդ կապուած էին, սակայն անոնց միջազգային կարգավիճակը կը մնայ անորոշ` մեծ տէրութիւններու միջեւ քաղաքական վէճերու եւ, հետեւաբար, միջազգային ճանաչման բացակայութեան պատճառով»:

Փրոֆեսէօր տը Զայասը աւելցուց, որ ինքնորոշման ձգտող ժողովուրդները` «մարդկային իրաւունքներու միջազգային պայմանագիրներու լիակատար պաշտպանութեան իրաւունք ունին: Փակուղիէն կարելի է դուրս գալ միայն խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով, որովհետեւ ինքնորոշման դէմ զինուած ուժի կիրարկումը կրնայ խախտել միջազգային բազմաթիւ պայմանագիրներ, որոնց շարքին` ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը, մարդկային իրաւունքներու դաշնագիրները եւ Ժընեւի Կարմիր խաչի համաձայնագիրները»:

Տը Զայաս կը պնդէ, որ` «եթէ անջատման անյետաձգելի պահանջ կայ, ամէնէն կարեւորը այն է, որ պէտք է խուսափիլ ուժի կիրարկումէ, որ կը վտանգէ տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային կայունութիւնը եւ առաւել եւս կը վատթարացնէ մարդկային այլ իրաւունքներէ օգտուելու իրաւունքը»: Բացի այդ, «ինքնորոշման իրականացումը չի վերաբերիր միայն շահագրգիռ պետութեան ներքին իրաւասութեան շրջանակներուն, այլ կը հանդիսանայ միջազգային հանրութեան օրինական մտահոգութիւն»:

Փրոֆեսէօր տը Զայասը բացատրեց, որ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը կը գործէ միայն արտաքին յարձակման պարագային. «Սկզբունքը նախատեսուած չէ ներքին կիրարկման համար, քանի որ ատիկա ինքնաբերաբար կը վերացնէ ինքնորոշման jus cogens (պարտադիր օրէնք) իրաւունքը: Ինքնորոշման իրաւունքի ամէն փորձ, որ կը յանգեցնէ անջատման, կը յառաջացնէ նախորդ պետական միաւորի տարածքային ամբողջականութեան փոփոխութիւն: Նման բազմաթիւ նախադէպեր կան»:

Ըստ փրոֆ. տը Զայասի, պէտք չէ խտրականութիւն ըլլայ ինքնորոշման ձգտող ժողովուրդներու միջեւ: «Նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու անկախութիւնը եւ նախկին Եուկոսլաւիոյ ժողովուրդներու անջատումը կարեւոր նախադէպեր կը ստեղծեն ինքնորոշման իրագործման համար: Այս նախադէպերը չեն կրնար անտեսուիլ ժամանակակից ինքնորոշման առնչութեամբ ծագող վէճերու պարագային: Կարելի չէ «այո» ըսել Էսթոնիոյ, Լաթվիոյ, Լիթուանիոյ, Սլովենիոյ, Խորուաթիոյ, Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի, Քոսովոյի ինքնորոշման, ապա «ոչ» ըսել Աբխազիոյ, Հարաւային Օսեթիոյ կամ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդներու ինքնորոշման: Այս բոլոր ժողովուրդները ունին մարդկային նոյն իրաւունքները եւ պէտք չէ խտրականութեան ենթարկուին: Ինչպէս յաջող յաւակնորդներու պարագային, այս ժողովուրդները նոյնպէս միակողմանիօրէն անկախութիւն հռչակած են: Ընդհանրապէս որեւէ արդարացում չկայ զանոնք մերժելու` ընտրողաբար կիրարկելով ինքնորոշման իրաւունքը եւ կատարելով մակերեսային զանազանումներ, որոնք անօրինական են կամ անարդար», բացատրեց փրոֆ. տը Զայասը:

Անոնց, որոնք կը զուգորդեն տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը ինքնորոշման սկզբունքին հետ, փրոֆ. տը Զայասը այսպէս հակադարձեց. «Տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը հիմնաւոր արդարացում չէ յաւերժացման համար ներքին հակամարտութիւններու, որոնք կրնան խորանալ եւ վերածուիլ քաղաքացիական պատերազմի` այսպիսով իսկ սպառնալով տարածաշրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան»:

Վերջաւորութեան փրոֆ. տը Զայասը առաջարկեց հետեւեալը. «21-րդ դարուն ներքին եւ արտաքին կայուն խաղաղութեան ապահովման համար միջազգային հանրութիւնը պէտք է արձագանգէ ահազանգման նախնական նշաններուն եւ ստեղծէ հակամարտութիւններու կանխարգիլման մեքանակառոյցներ: Ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութիւնը քաջալերելը եւ ճիշդ ժամանակին հանրաքուէ կազմակերպելը ազգային եւ միջազգային յարաբերութիւններու խաղաղ զարգացման միջոցներ են: Բոլոր շահագրգիռ կողմերուն ներգրաւումը պէտք է ըլլայ պարտադիր, այլ ոչ թէ` բացառութիւն: Եզրափակելով, թոյլ տուէք ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը հռչակել իբրեւ ժողովրդավարութեան արտայայտութիւն, քանի որ, իսկապէս, ժողովրդավարութիւնը ինքնորոշման ձեւ է»:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Ինչպէ՞ս Ծնունդ Առաւ Պաղեստինեան Գաղթականական Ազգայնականութիւնը

Յաջորդը

Մեր Ազնիւը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.