Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ազնիւը

March 17, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Բարի՛ լոյս, Ազնի՛ւ:

– Բարի՛ լոյս, – կը պատասխանէ Ազնիւը լայն, անմեղունակ եւ անկեղծ ժպիտով մը: Ապա կ՛աւելցնէ.- ինչո՞վ կրնամ օգտակար դառնալ, ըսէ՛:

Ազնիւը շատ լաւ գիտէր, որ իրեն դիմող ուսուցիչը, պաշտօնեան կամ աշակերտը գրութեան մը, տեղեկութեան մը, նկարի մը պէտք ունի:

Եթէ պէտք եղածը պատճէնահանումի պարզ աշխատանք մը չէր, Ազնիւը մեծ հաճոյքով կը լծուէր գործի. կը կտրէր, կը ձեւաւորէր, կը ջնջէր, կը մաքրէր, կը կոկէր եւ էջին (կամ էջերուն) դատարկ մնացած բաժինները կը հարստացնէր իր իսկ գծագրութիւններով, վրձինի հարուածներով: Ահա աշխատանքը պատրաստ էր` սպասուածէն շատ աւելի գեղեցիկ ու կատարեալ: Ազնիւը իր գործին մէջ իրապէ՛ս կը ձգտէր կատարեալին ու կը հասնէր անոր:

Այս բոլորէն ետք Ազնիւը պատրաստուած աշխատանքին քով դրած կ՛ըլլար պզտիկ հիւրասիրութիւն մը: Անշուշտ: Իրեն դիմած էին իր տան մէջ: Եւ իրապէս Ճեմարանը Ազնիւին տունն էր ե՛ւ առտու, ե՛ւ կէսօր, ե՛ւ իրիկուն, ե՛ւ աշխատանքի, ե՛ւ արձակուրդի օրերուն:

Տարիներու իր նուիրումէն ետք, երբ հանգստեան կոչուեցաւ, Ազնիւը մնաց մեր մէջ: Երբ առողջութիւնը ներէր, ան ներկայ կը գտնուէր դպրոցին ձեռնարկներուն: Ամբողջ էութեամբ կը հետեւէր ձեռնարկին, կը ծափահարէր, կը քաջալերէր: Ձեռնարկի աւարտին տաքուկ-տաքուկ խօսելէ ետք կը բաժնուէր բոլորէն` դարձեալ տեսնուելու յոյսով ու փափաքով:

2017-ի ամավերջի հանդէսին դարձեալ ներկայ էր Ազնիւը ուսուցիչներու խումբին մէջ` ուրախ, կայտառ:

2018-ին ամավերջի հանդէսին Ազնիւը դարձեալ ներկայ պիտի գտնուի իր ազնուական հոգիով եւ անապակ ժպիտով:

ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ ՄԸ

Նախորդը

Միջազգային Օրէնքի Մասնագէտը Կը Հաստատէ Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը

Յաջորդը

Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Խաչի Օրհնութիւն Եւ Օծում

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.