Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Յաջորդ Խորհրդարանը Պէտք Է Վերահսկողութեան, Հաշուետուութեան Եւ Փտածութեան Դէմ Պայքարի Իմաստով Իր Դերակատարութիւնը Ստանձնէ»

March 8, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին անդրադարձաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն առաջադրուած մեծ թիւով թեկնածուներուն: Ան նշեց, որ Լիբանանի անկախութենէն ի վեր այսքան մեծ թիւով թեկնածուներ չեն առաջադրուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն` աւելցնելով, որ թեկնածուներու այս հսկայ թիւին պատճառը համամասնական ընտրական օրէնքն է, ինչպէս նաեւ համայնքային ու յարանուանական կիրքերու հրահրումը` վարկանշային քուէի դրութեան պատճառով:

«Յաջորդ խորհրդարանը պէտք է վերահսկողութեան, հաշուետուութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարի իմաստով իր դերակատարութիւնը ստանձնէ», հաստատեց Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ կառավարութիւնը կ՛ուղղուի վաւերացնելու 2018-ի պետական ամավարկը` յառաջիկայ շաբաթ գումարելիք իր նիստին ընթացքին: Ան յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը կը գիտակցի նախքան երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ Հռոմի ու Փարիզի միջազգային խորհրդաժողովներուն կայացումը 2018-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու կարեւորութեան:

Պըրրի վերահաստատեց Լիբանանի բնական հարստութենէն` նաւթէն ու բնական կազէն օգտուելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք է պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա ներդրումի հիմնական ազդակ մը կը նկատուի:

Նշենք, որ Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթին. քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Հռոմի խորհրդաժողովին կապուած հարցեր:

Նախորդը

Զօր. Աուն. «Պատրաստ Ենք Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Որեւէ Յարձակում Ետ Մղելու Եւ Հայրենիքին Գերիշխանութիւնը Պաշտպանելու»

Յաջորդը

Կիներու Միջազգային Տօնին Առիթով. Նախագահ Աուն Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանցի Տղամարդուն Եւ Կնոջ Միջեւ Ընկերային Տարբերութիւնները Վերացնելու Եւ Հաւասարութիւնը Ամրապնդելու

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.