Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Պոլսահայութիւնը Աւելին Կը Սպասէ

March 8, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

20-23 փետրուար տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը` Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին նախագահութեամբ: Ժողովէն ետք Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յայտարարութիւն մը հրապարակեց Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընտրութեան վերաբերող նորագոյն զարգացումներուն շուրջ*:

Կ՛արժէ կեդրոնանալ յայտարարութեան մէջ տեղ գտած հետեւեալ երկու կէտերուն վրայ.

Առաջին. յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Մեր ակնկալութիւնն է թրքական իշխանութիւններէն, որ ընդառաջեն հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպման առումով հայ համայնքին արդար պահանջին»: Աւելորդ են Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին դրած յոյսերն ու ակնկալութիւնները թրքական ներկայ իշխանութիւններուն վրայ, որոնք  գլխաւորուած են Էրտողանի կամ «21-րդ դարու սուլթան Ապտիւլ Համիտ»-ին կողմէ, որուն քաղաքականութիւնները հիմնուած են Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի, խօսքի ազատութենէ զրկումի, ընդդիմադիր խորհրդարանականներու եւ լրագրողներու բանտարկութեան եւ արտաքին ռազմական միջամտութիւններու վրայ:

Ինչպէ՞ս դրական բան մը կ՛ակնկալուի այդպիսի պետութենէ մը, որ համամարդկային նուազագոյն արժէքներն ու ՄԱԿ-ի որոշումները չի յարգեր:

Երկրորդ. յայտարարութիւնը սփիւռքահայութեան զսպուածութեան ուղերձ կը յղէ` ըսելով. «Հանդարտութեան հրաւէր կ՛ուղղենք նաեւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին` ողջախոհութեամբ եւ զսպուածութեամբ առիթ ընձեռելու Պոլսոյ աթոռին` յաղթահարելու ստեղծուած կացութիւնը»: Սփիւռքահայութիւնը միշտ հետաքրքրուած է եւ նեցուկ կանգնած պոլսահայութեան քաղաքական, մշակութային եւ կրօնական իրաւունքներուն: Սփիւռքահայուն «հանդարտութեան», «ողջախոհութեան» եւ «զսպուածութեան» ուղերձ յղել` կը նշանակէ անտեսել զայն…

————————–

* Յայտարարութիւնը կրնաք կարդալ հետեւեալ աղբիւրէն. https://www.armenianchurch.org/index.jsp?sid=3&nid=3682&y=2018&m=1&d=23

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Հայուհիին «Օր»-ը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.