Ֆութպոլի միջազգային միութեան խորհուրդը հաստատեց, որ մրցումի մը երկարաձգման ընթացքին պիտի արտօնուի չորրորդ փոփոխութիւն կատարել:
«Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին, չորրորդ փոփոխութեան կիրարկման մասին որոշումը «ՖԻՖԱ»-ն պիտի ընդունի 16 մարտին, իր կատարելիք նիստին ընթացքին», «ՖԻՖԱ»-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի խօսքերը կը մէջբերէ կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ չորրորդ փոփոխութիւնը արդէն իսկ կիրարկուեցաւ նախորդ ամառ, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքին, Փորթուգալ – Չեխիա կիսաւարտականի մրցումին:
Խորհուրդը, նաեւ հաստատեց աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին կրկնապատկերի համակարգի կիրարկումը:



