Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովը Քննարկած Է Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ Նախագահի Ընտրութեան Հարցը

March 2, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը քննարկած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ եւ ՀՀԿ խմբակցութիւններու 65 պատգամաւորներու կողմէ առաջադրուած` Հայաստանի նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանը ընտրելու հարցը: ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան ներկայացուց թեկնածուն` նշելով, որ այսօր պատմական օր է` Հայաստանի խորհրդարանը առաջին անգամ ըլլալով պէտք է ընտրէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ:

«Ես հպարտ եմ, որ կը ներկայացնեմ ՀՅԴ եւ ՀՀԿ միասնական թեկնածու Արմէն Սարգսեանը», ըսած է ան:

Բաղդասարեանը յիշեցուցած է, որ Հայաստանի գործող նախագահ Սերժ Սարգսեան 19 յունուարին առաջարկած է Արմէն Սարգսեանին` համաձայնութիւն տալ ՀՀԿ-ի կողմէ  առաջադրուելու` իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու, եւ առաջարկին հետեւած է ՀՅԴ-ի դրական արձագանգը:

«Մէկ ամիս շարունակ հանդիպումներ ունենալով տարբեր քաղաքական ուժերու, Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական ներկայացուցիչներու, սփիւռքահայերու, Հայաստանի գիտական բնագաւառի մասնագէտներու, հասարակութեան հետ` 6 փետրուարին համաձայնութիւն յայտնեց ներգրաւուելու այս պատասխանատու գործին: Արմէն Սարգսեան կեանքի բոլոր փուլերուն հանդէս եկած է իբրեւ իրական յառաջամարտիկ: Մեծ է անոր աւանդը Հայաստանի դիւանագիտութեան գործին մէջ», ըսած է ան:

Արմէն Սարգսեան խօսք առած է, որմէ ետք պատգամաւորներուն տրուած է հարց-պատասխանի առիթ:  Ան անդրադարձած է Հայաստանի դիմագրաւած զանազան հարցերուն: Ան անդրադարձած է անկախութեան տարիներուն  ընթացքին հանրապետութեան ձեռքբերումներուն եւ  ձախողութիւններուն` ընդգծելով, որ այս 26 տարիները յաղթանակներու եւ անյաջողութիւններու տարիներ եղած են, բայց անոնք նաեւ մեր մեծ յաղթանակի տարիներն են: «Արցախեան ազատագրումը մեզի վերադարձուց մեր ազգային արժանապատուութիւնը», նշած է Սարգսեան:

Արմէն Սարգսեան իր խօսքին մէջ ըսած է. «Ունինք աղքատութիւն, ընկերային անհաւասարութիւն, որ բոլորիս խնդիրն է, 26 տարիները բոլորիս տարիներն են, ո՛չ միայն` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն, այլեւ  Արցախի ժողովուրդին եւ ամբողջ սփիւռքին: Կը կարծեմ` յաջորդ 26 տարիները մենք պէտք է կառուցենք` յիշելով եւ չմոռնալով այն յաջողութիւններու բանալին, որ ինքներս  յայտնաբերած ենք, չմոռնալով այն դասերը, երբ մենք ըրած ենք սխալներ, որպէսզի այլեւս երբեք չկրկնենք զանոնք», ըսած է  նախագահի պաշտօնի թեկնածուն:

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամները Դատապարտած Են Սումկայիթեան Ջարդերը Եւ Մէկ Վայրկեան Լռութեամբ Յարգած Անմեղ Զոհերու Յիշատակը

Յաջորդը

Հայաստան – Թուրքիա Արձանագրութիւնները Պաշտօնապէս Չեղեալ Հռչակուեցան

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.