6 մայիսին նախատեսուող խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քայլերն ու Իսրայէլի հետ նաւթահորերու սահմանային թնճուկը զօրաշարժի մատնեցին երկրի ղեկավարները:
Արդարեւ, անցնող շաբթուան ընթացքին 9-րդ նաւթահորին գծով ցուցաբերուած Լիբանանի միասնական ու վճռական կեցուածքները շարունակուեցան եւ լիբանանեան այլապէս հակադիր կողմեր շեշտեցին Լիբանանի ջրային թէ նաւթային հարստութեան պահպանման ու օգտագործման կարեւորութիւնը: Այս իմաստով հայեացքները սեւեռած են ամերիկացի բանագնաց դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի` Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ մագոգային խորհրդակցութեանց վրայ, եւ կ՛ակնկալուի, որ մօտերս ան կրկին Լիբանան այցելէ` փորձելով համոզել Լիբանանեան իշխանութիւնները 9-րդ նաւթահորին գծով:
Պիւտճէի Քննարկում Եւ Վաւերացում
Նմանապէս ներքին ճակատի վրայ աշխուժ ճիգեր կը բանեցուին հարթելու ցցուող արգելքները եւ լուծելու առկախ հարցերը, նախքան ընտրութեանց ժամկէտը: Այս ծիրին մէջ առաջնահերթ քայլ կը նկատուի 2018-ի պետական ամավարկի վաւերացումը, որ կանաչ լոյս պիտի ըլլայ մշակուած ծրագիրներու իրագործման համար:
Առ այդ, նախարարաց խորհուրդը այսօր արտակարգ նիստ մը գումարելով պիտի քննէ երկրի պետական ամավարկը` առ ի վաւերացում:
«Մեր հիմնական մտահոգութիւնն է շարունակել Լիբանանը շրջանի պատերազմներու հետեւանքներէն պաշտպանելու մեր քաղաքականութիւնը եւ զարկ տալ երկրի տնտեսութեան ու ամէն քայլի, որ երիտասարդներուն գործի առիթներ կը հայթայթէ եւ կը հարթէ ելեկտրականութեան, ջրային թէ աղբերու տագնապները», ընդգծեց վարչապետ Սաատ Հարիրի` շաբաթավերջին ընդունելով Պէյրութի ընտանիքներէն պատուիրակութիւն մը:
Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ ժողովականներուն պիտի ներկայացնէ երկրի ելեւմտական իրավիճակին եւ ամավարկին առնչուող զեկուցում մը: Ան մաղթեց, որ նախարարներու մեծամասնութիւն գոյանայ` վաւերացնել կարենալու համար պետական ամավարկը:
Նոյն առումով խորհրդարանական ելեւմուտքի յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կարեւոր նկատեց եւ շեշտեց ամավարկի վաւերացման հրամայականը, նախքան երեսփոխանական ընտրութիւններու ժամկէտը: Քանաան լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ, որ ժամկէտները տակաւին ձեռնտու են ամավարկի վաւերացման գծով, հակառակ այն մտավախութիւններուն, որ նախընտրական բազմազբաղութեան բերումով ներկայութեան մեծամասնութիւն կրնայ չգոյանալ:
Տնտեսութեան նախարար Ռաէտ Խուրի իր կարգին շեշտեց ամավարկի վաւերացման առաջնահերթութիւնն ու կարեւորութիւնը, նախքան երկու ամիս ետք նախատեսուող «Փարիզ-4»-ի, անոր յաջորդող «Հռոմ-2»-ի եւ Պրիւքսելի համագումարները: Տնտեսութեան նախարարը նախընտրեց առանց ամավարկի վաւերացման ձեռնունայն չներկայանալ Լիբանանին զօրակցելու կոչուած նշեալ համագումարներուն: Ան շեշտեց «Փարիզ-4»-ի կարեւորութիւնը, որ նիւթական խոստմնալից ներդրումով խթան պիտի հանդիսանայ երկրի տնտեսական մարզին ու առհասարակ ընդհանուր բարգաւաճման:
Նախընտրական Զօրաշարժ
6 մայիսին նախատեսուող երեսփոխանական ընտրութեանց գծով նախապատրաստական քայլերն ու ընտրական բանակցութիւնները արդէն իսկ ընթացք առած ու որոշ ճամբայ կտրած են եւ կողմերը հերթաբար լծուած են իրենց ցանկերու ամբողջացման:
Այս առումով կը նախատեսուի, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր կամ վաղը ներկայացնէ Հըզպալլայի ընտրացանկը:
Զինք պիտի կանխէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ այսօր կէսօրին` յայտարարելով իր թեկնածուները:
Նմանապէս եւ Ազգային ազատ հոսանքը, որ իր լրիւ ընտրացանկը պիտի բացայայտէ յառաջիկայ մարտի կէսերէն ետք, երէկ առաջին քայլը առաւ նախկին երեսփոխան Սելիմ Աունի թեկնածութիւնը յայտարարելով Զահլէի մէջ: Այս գծով իր կատարած այցելութեան ընթացքին Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Զահլէի զանազան կողմերուն եւ մարմիններուն հետ: Նախարար Պասիլ խիստ կարեւոր նկատեց Սելիմ Աունի ընտրութիւնը, «որուն ձախողութիւնը համազօր պիտի ըլլայ Ազգային ազատ հոսանքի ձախողութեան Զահլէի մէջ»:
«Մենք աւելի փոքր ենք Լիբանանէն, սակայն կուսակցութենէ մը աւելի մեծ ենք», յայտարարեց Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավարը:
Նոյնպէս կը նախատեսուի, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը յառաջիկայ 24 մարտին յայտարարէ իր ընտրացանկը:
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք իր կարգին շեշտեց ընտրութիւններու կայացման կարեւորութիւնը` լիբանանցիները յորդորելով խուռներամ շարքերով քուէարկութեան սնտուկներ փութալու:


