Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 13-րդ տարելիցին առիթով, նախանցեալ օր «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը` կազմակերպութեամբ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Միշել Մուսա, նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, նախկին վարչապետներ Թամմամ Սալամ եւ Ֆուատ Սինիորա, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերը ներկայացնող անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացուց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան:
Ակներեւ էր Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն բացակայութիւնը, ինչպէս նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլի վրդովուած հեռանալը ձեռնարկէն: Ժեմայէլ իր վրդովումին պատճառները վերագրեց ձեռնարկին ընթացքին գործուած արարողակարգային սխալներու:
Ձեռնարկը սկսաւ հայրենասիրական երգերու մեկնաբանութեամբ, ապա ցուցադրուեցաւ Ռաֆիք Հարիրիի գործունէութիւնը եւ անոր նահատակութենէն ետք անոր զաւկին` Սաատ Հարիրիի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Իր խօսքին մէջ, վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն պայքարելու համար փտածութեան դէմ` աւելցնելով, որ իրենք յանձնառու կը մնան պետական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը թափանցիկութեամբ յառաջ տանելու առաքելութեան:
«Մենք կը մերժենք ամէնօրեայ դրութեամբ արձանագրուող զրպարտութիւնները, որոնք կը վերաբերին փտածութեան եւ թափանցիկութեան պակասին», ըսաւ Հարիրի` շեշտելով, որ անոնք շինիչ քննադատութիւններ չեն:
Հարիրի ակնարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն` յայտնելով, որ իրենք գրաւ դրած են, որ Լիբանանի խորհրդարանին համար այդ ընտրութիւնները պիտի ըլլան անկիւնադարձային:
«Մուսթաքպալ հոսանքը պատրաստ է ամբողջ Լիբանանի տարածքին մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն, իսկ մեր թեկնածուներուն անունները քանի մը օրէն կը յայտարարենք: Մենք ընտրութիւններուն պիտի մասնակցինք Ռաֆիք Հարիրիի հոգիին հովանիին տակ, եւ մեր ծրագիրն է վերադարձնել անոր իշխանութեան աշխուժ օրերը», ըսաւ ան:
Հարիրի հաստատեց, որ Լիբանանը ոչ մէկ հոգատարութեան ենթակայ պիտի ըլլայ, իսկ պետութիւնը եւ օրէնքը զերծ պիտի մնան իրենց ուսերուն մագլցող քաղաքական կողմերէն:
Հարիրի շեշտեց, որ իրենք պիտի չգործակցին կամ դաշնակցին Հըզպալլայի հետ` աւելցնելով իրենց կառչածութիւնը երկխօսութեան, Թաէֆի համաձայնագիրին, Լիբանանի պաշտպանութեան եւ Միջազգային դատական ատեանին գործունէութեան:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին 6 մայիսին մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ իր խօսքը եզրափակեց ընդգծելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կառչած կը մնայ Ռաֆիք Հարիրիի ծրագիրին` յոյսի, զարթօնքի եւ Լիբանանի կայունութեան ծրագիրին գործադրութեան:
Նշենք, որ նախքան ձեռնարկին վայրը հասնիլը, վարչապետ Հարիրի ուղղուեցաւ Մոհամետ Ամին մզկիթին շրջափակը, ուր այցելեց իր հօր եւ անոր ընկերակիցներուն դամբարանները:
Իր հօր նահատակութեան առիթով վարչապետ Հարիրի նաեւ վարդեր ցանեց վարչապետարանի մուտքի պարտէզին մէջ:




