Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեհաստանի Վարչապետը Ընդգծեց Լիբանանեան – Լեհական Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

February 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լեհաստանի վարչապետ Մաթէոս Մորավիցքին, որուն հետ քննարկեց տարբեր մարզերուն մէջ լիբանանեան-լեհական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն ողջունեց Լիբանանի մէջ լեհական ընկերութիւններուն ստանձնած բարգաւաճման ծրագիրներուն պատասխանատուութիւնը, յատկապէս բնական կազի եւ նաւթի պեղումներ կատարելու աշխատանքը:

Նախագահ Աուն դրուատեց փտածութեան դէմ պայքարելու Լեհաստանի փորձառութիւնը, որուն շնորհիւ Լեհաստան դարձաւ յառաջատար երկիր` նուազ քան տասնամեակի մը ընթացքին:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն եւ Մորավիցքի քննարկեցին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ներկայ պայմաններուն ընթացքին լիբանանցիներուն սպառնացող մարտահրաւէրները, յատկապէս Լիբանանի ուղղուած իսրայէլեան սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած ժխտական հետեւանքները:

Նախագահ Աուն խնդրեց, որ մինչեւ 2019 Ապահովութեան խորհուրդի անդամ Լեհաստանը աշխատանք տանի, որպէսզի կարելի ըլլայ ՄԱԿ-ի կողմէ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովել Սուրիոյ կայունութեան հաստատումէն ետք:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Լեհաստանին զօրակցելու Լիբանանը կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու միջազգային կեդրոնի վերածելու նախաձեռնութեան:

Մորավիցքի իր կարգին, Լեհաստանի նախագահ Անտրէ Տոտայի ողջոյնները փոխանցեց նախագահ Աունի` յայտնելով, որ Տոտա կը մաղթէ, որ նախագահ Աուն յաջողութեամբ կարենայ պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Մորավիցքի հաստատեց, որ Լեհաստան կը փափաքի Լիբանանի հետ իր երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւել, յատկապէս տնտեսական, առեւտրական եւ ընկերային բնագաւառներուն մէջ:

Ան նշեց, որ Լեհաստան կը միտի Լիբանանի հետ գործակցութիւնը ամրապնդել, յատկապէս նաւթի, ելեկտրականութեան եւ ճամբաներու շինութեան, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարելու առումով:

Մորավիցքի նախագահ Աունին յանձնեց Լեհաստան այցելութեան պաշտօնական հրաւէր մը:

Նշենք, որ Մորավիցքի նախանցեալ գիշեր այցելած էր նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկած էր լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Մորավիցքի այցելեց նաեւ նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը:

Նախորդը

Պըրրի. «2018-ի Պետական Ամավարկը Պէտք Է Վաւերացուի»

Յաջորդը

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. «Տեառնընդառաջի Խարոյկը Մեզի Կը Յիշեցնէ Լոյսը, Որ Կը Փարատէ Կեանքի Խաւարը» Շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.