Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հարիրի ընդունեց նաեւ Պետական շուրայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ շուրայի նախագահ, դատաւոր Հանրի Խուրիի եւ ներկայութեամբ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆելի:
Հանդիպումէն ետք Խուրի յայտնեց, որ վարչապետին յանձնած են շուրայի 2016-2017 տարեշրջանի աշխատանքներուն մասին տեղեկագիր մը, ինչպէս նաեւ շուրայի ապագայ աշխատանքներուն մասին ծրագիր մը:
Հարիրի նախագահեց Ապապետականացման գերագոյն խորհուրդի նիստին` ներկայութեամբ նախարարներ Մոհամետ Ֆընէյշի, Սելիմ Ժրայսաթիի, Ռաէտ Խուրիի, Ապապետականացման գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Զիատ Հայէքի եւ վարչապետի խորհրդականներ Նետիմ Մունլայի եւ Ֆատի Ֆուազի:
Հանդիպումէն ետք Հայէք յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները` թափանցիկութիւնը ապահովող օրէնքի վաւերացումէն ետք:
Վարչապետարանին Մէջ
Նշենք, որ վարչապետ Հարիրիի հրաւէրով, երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ գումարուեցաւ նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի նուիրատու երկիրներու միջազգային խմբակի անդամ երկիրներուն դեսպանները` ներկայութեամբ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները եւ լիբանանեան բանակին ու ապահովական կառոյցներուն համար անոր ապահովելիք օժանդակութիւնը:
Նիստէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորող քաղաքական պաշտպանութիւնը պէտք է վերածուի մնայուն քաղաքականութեան: Ան նշեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորող միջազգային բոլոր բանաձեւերուն գործադրութեան:
Մաշնուք յայտնեց, որ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն օժանդակող «Հռոմ 2» խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 15 մարտ 2018-ին` աւելցնելով, որ այդ խորհրդաժողովը գումարելու իմաստով դրական մթնոլորտ կը տիրէ, եւ անիկա պիտի ըլլայ պատմական առիթ` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:
Մաշնուք յայտնեց, որ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովի յետաձգումին պատճառը որոշ պետութիւններու կողմէ այդ խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը հաստատելու առումով արձանագրած ուշացումն է:
Ան նշեց, որ ոչ մէկ արաբական պետութիւն մերժած է այդ խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը` աւելցնելով. «Այսօրուան նիստին Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին բացակայութեան պատճառը անոր Ռիատ գտնուիլն է»:



